Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պապական նոր նուիրակ Ժոզեֆ Սեպիթարի արքեպիսկոպոսը, որ օր մը առաջ հասած էր Պէյրութ եւ յայտնած, թէ Մայրիներու երկրին համար բերած է Ֆրանչիսկոս պապի օրհնութիւնները:
Կիրակի օրուան պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք ամէն օր կը սպասեն նոր կառավարութեան մը կազմութեան` ափսոսալով սակայն, որ այդ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը պայման չէ, որ այս կամ այն քաղաքական ուժին, ընտանիքին եւ ղեկավարութեան ներկայութիւնը ապահովէ, այլ` ան պէտք է ըլլայ ժողովուրդին ներկայացնողը եւ ապահովէ երկրին շահերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հռոմի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովներուն ընթացքին որդեգրուած որոշումներուն գործադրութեան:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուելիք լաւագոյն գոյնը պէտք է ըլլայ երկիրը, լիբանանցին եւ երկրին պետական հաստատութիւնները:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամը լուծելու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան կը տառապի տնտեսական, բնակարանային եւ կրթական մարզերը յուզող լուրջ տագնապներէ:



