Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կրնայ Բաւական Բարդ Ըլլալ

June 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դրսեւորած դրական կեցուածքներուն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բաւական բարդ կը թուի ըլլալ` նկատի ունենալով նոր կառավարութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքէն բացի սիւննի համայնքի այլ հեղինակութիւններու ներկայացուցչութիւն ապահովելու պահանջները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական  կուսակցութիւններուն պահանջներուն գծով ստեղծուած տարակարծութիւնները վարչապետ Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ:

Մինչ շիի համայնքի նախարարական պահանջներուն վերաբերեալ տարակարծութիւններ չեն արձանագրուած, սակայն կառավարութեան կազմութեան առումով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստանձնած է լուռ դիտորդի եւ սպասողի դերակատարութիւնը եւ շաբաթավերջին հաստատած, որ կառավարութիւնը կազմելու բանալին կը գտնուի նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի մօտ:

Պըրրիի կրաւորական այս կեցուածքը իր կարգին կը յուշէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին երկար կրնայ տեւել:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ղպտի ուղղափառ համայնքի Թէոդորոս Բ. պապը` ներկայութեամբ ընթացաւարտ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահի, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի եւ Հարիրիի խորհրդատուներէն Տաուտ Սայեղի եւ Մոհամետ Սամմաքի:

Հանդիպումին ընթացքին Թէոդորոս Բ. պապը ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն առիթով եւ Հարիրիին յաջողութիւն մաղթեց` նոր կառավարութեան կազմութեան գծով անոր ստանձնած պարտականութեան համար:

Թէոդորոս Բ. պապը ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը Եգիպտոսի համար կարեւոր է, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ եւ հասարակ յայտարարներ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի համայնքային բազմազանութեան, ազգային համերաշխութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան իրականութիւններուն:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի ողջունեց Թէոդորոս Բ. պապը` հաստատելով, որ իրեն համար պատիւ է զինք հիւրընկալելը: Ան նշեց, որ Եգիպտոսը մայր երկիրն է եւ Լիբանանի բարեկամը: «Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները բացառիկ հեզասահութեամբ եւ մտերմութեամբ կ՛ընթանան», ըսաւ Հարիրի:

Ան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն մէջ համայնքային բազմազանութիւնը տկար կէտ մը չի նկատուիր, այլ զօրութեան աղբիւր:

Հարիրի մեծապէս գնահատեց եգիպտական ղեկավարութիւններուն կողմէ ծայրայեղութեան դէմ մղուած պայքարը` աւելցնելով, որ ծայրայեղութիւնը ի վերջոյ կրօնի հետ կապ կամ առնչութիւն չունի, այլ` ուղղակիօրէն քաղաքականութեան մաս կը կազմէ:

Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան միշտ պիտի պահէ բազմազանութիւնը` համայնքային թէ յարանուանական առումով, հաստատելով, որ այդ ճշմարտութիւնը մաս կը կազմէ Լիբանանի սահմանադրութեան:

Հարիրի յոյս յայտնեց, որ Լիբանան եւ Եգիպտոս շարունակեն իրենց չափաւորականութեան ուղին` ամրապնդելով երկկողմանի գործակցութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հասան Խալիլի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Իրավիճակը

Յաջորդը

Հայկական Կողմը Իր Մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ Միացեալ Նահանգներուն

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.