Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մերքել դիմաւորուեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ:
Վարչապետարանին մէջ Հարիրի եւ Մերքել քննարկեցին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի զարգացումներն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս` տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն պարագային:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպ, Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ, ինչպէս նաեւ Հարիրիի խորհրդականներ Նատիմ Մունլա եւ Հանի Համմուտ:
Հանդիպումէն ետք Մերքել վարչապետարանի Պատուոյ հիւրերու տոմարին մէջ ձգեց հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Գերմանիա կը շարունակէ զօրակցիլ կայուն, բարգաւաճ եւ աշխարհին դիմաց բաց գտնուող Լիբանանին, ուր կրօնական տարբեր համայնքներ կը գոյակցին ազգային համերաշխութեամբ: Յաջողութիւն կը մաղթեմ վարչապետ Հարիրիին` Լիբանանի մէջ սկսած բարեկարգումները ամբողջացնելու»:
Մերքել վարչապետարանի շրջափակին մէջ մայրաքաղաք Պէյրութի մասին բացատրութիւններ ստացաւ Հարիրիէն:
Ապա սարքուեցաւ ընթրիք մը` ի պատիւ Մերքելին եւ անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան:
Մերքել հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: