Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ կազմաքանդած է իսրայէլեան լրտեսական սարք մը:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ երէկ առաւօտեան մաքսանենգներու խումբ մը Թալլեթ Մանարա-Մասնաա սահմանային շրջանէն ապօրինի կերպով փորձած է ներթափանցել լիբանանեան հողեր:
Դէպի Լիբանան ներթափանցող խումբը լիբանանեան բանակը դարձուցած է կրակոցի թիրախ, սակայն բանակը հակադարձած է կրակոցին` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորելով ուրիշ մը:
Վիրաւորը փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, իսկ ապօրինի կերպով Լիբանան ուղղուող մաքսանենգները փախուստ տուին դէպի սուրիական հողեր:
Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի երկրին սահմանները լաւապէս պաշտպանելու:


