Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ երկրին ելեւմտական եւ նիւթական իրավիճակը հակակշիռի տակ կը գտնուի:
Նախարար Խալիլ եւ Սալամէ ընդգծեցին, որ պէտք է որդեգրեն միջոցներ` ամրապնդելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, շեշտելով, որ այդ քայլերուն որդեգրումը կ՛ենթադրէ նոր կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը:
Նշենք, որ Խալիլ ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան յաջորդած խորհրդակցութիւնները: