Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Չեմ Գիտեր, Թէ Վարչապետը Ճիշդ Ի՛նչ Կը Մտածէ, Սակայն Ան Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Խուլ Ականջ Տուած Է»

Յունիս 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Նիկերիոյ Ծերակոյտի փոխնախագահ, ծերակուտական Այք Էքուերամատուն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Էքուերամատու Պըրրիին յանձնեց Նիկերիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը:

Միւս կողմէ, Պըրրի իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ իրեն համար անհասկնալի է կառավարութեան կազմութեան առումով լուրջ ջանքերու չգոյութիւնը: «Չեմ գիտեր, թէ վարչապետը ճիշդ ի՛նչ կը մտածէ, սակայն ան նոր կառավարութեան կազմութեան խուլ ականջ տուած է», յայտնեց ան:

Պըրրի նշեց, որ իրենց համար յստակ չէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ի՛նչ ընթացք ունի, որովհետեւ լուրերէն կ՛իմանան այդ ընթացքին մերթ հեզասահ ըլլալուն եւ մերթ խոչընդոտներու հանդիպելուն մասին:

Պըրրի նշեց, որ ինք անհրաժեշտ նկատած է Ֆիթրի տօնէն առաջ կառավարութեան կազմութիւնը, սակայն ոչ ոք զինք լսած է:

Ան ընդգծեց, որ ինք նախապէս յայտարարած է, թէ 25 յունիսէն աւելի պիտի չսպասէ, «իսկ 1 յուլիսէն ետք այլեւս ձեռնածալ պիտի չմնամ», աւելցուց ան:

Պըրրի նաեւ յայտնեց, որ ինք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ իր մնայուն յանձնախումբերուն ընտրութեան` աւելցնելով, որ կան 17 յանձնախումբեր, որոնց աշխատանքը առկախ վիճակի մէջ կը գտնուի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան կազմութիւնը կրնա՞յ երկար տեւել, Պըրրի ըսաւ, որ այդ մէկը ցոյց կու տայ լիբանանեան սահմանադրութեան բացթողումներէն մէկը, ըստ որուն կառավարութիւն կազմելու յստակ ժամկէտ չէ ճշդուած, եւ այդ պատճառով ալ վարչապետը կրնայ երկար ժամանակ պահանջել իր կառավարութիւնը կազմելու համար, իսկ վարչապետին աշխատանքին ոչ ոք կրնայ միջամտել` ո՛չ հանրապետութեան նախագահը, ո՛չ ալ խորհրդարանի նախագահը կամ խորհրդարանը:

Պըրրի շեշտեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին շրջագիծին մէջ զինք մտահոգողը արտաքին ճնշումները չեն, այլ` ներքին ճնշումները, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապն ու հիւսիսային Պեքաայի ապահովական հարցը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններուն` Պըրրի շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը առկայ են` հարց տալով, որ Դամասկոսի մէջ Լիբանանի դեսպան նշանակողը Հարիրիի կառավարութիւնն էր` աւելցնելով, որ ամիսներ առաջ երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ 500 սուրիացի տեղահանուածներ Արքուպէն փոխադրել Սուրիա:

«Սուրիոյ հետ ապահովական գործակցութեան կողքին առկայ է նաեւ քաղաքական գործակցութիւնը, որուն կողքին կան նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Սուրիոյ դեսպանը մեր մօտ կը գտնուի, իսկ Լիբանանի դեսպանը` անոնց մօտ», եզրափակեց Պըրրի:

 

 

Նախորդը

Հարիրի. «Թիւրպօ Արագութեամբ Կ՛ընթանամ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցի Հայրերը

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?