Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սայմըն Մըքտանըլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:



