Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Մօտիկ Ապագային Պաապտա Պիտի Այցելեմ Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ժամկէտի Յանձնառութիւն Չունիմ»

Յուլիս 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Պաապտա` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

«Կառավարութեան կազմութեան համար ժամկէտ չեմ ճշդած եւ այդ իմաստով ժամկէտի յանձնառութիւն չունիմ», ըսաւ վարչապետ Հարիրի:

Հարիրի երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որմէ ետք շեշտուեցաւ, թէ արձանագրուած շրջանային զարգացումներուն զուգահեռ կառավարութեան կազմութիւնը հիմնական է:

Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի նշեց, որ իր ուշադրութիւնը գրաւած է այն, որ ռուսական եւ ամերիկեան որոշումով է, որ տունդարձ կը կատարուի եւ ոչ թէ սուրիական վարչակարգին:

Այս շրջագիծին մէջ Հարիրի երէկ առաւօտեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան գործավար Վիաչեսլաւ Մաքսուտովը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Մաքսուտով Հարիրիին յայտնեց, որ այս շաբաթավերջին Լիբանան պիտի հասնի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական պատուիրակը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարն ու պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ ներկայացուցիչը, որոնք տունդարձի հարցը պիտի քննարկեն լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան վերագրուեցաւ այն լուրը, թէ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին պիտի նախագահէ այն կեդրոնին, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել:

Հարիրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Ալեքս Լենարց եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի,  որոնց այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սէյիտի Հետ Քննարկեց Պեքաայի Ապահովական Իրավիճակը

Յաջորդը

«Պաքու Պիտի Բանակցի Միայն Հայաստանի Իշխանութիւններուն Հետ» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?