Հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան միջոցներու համադաշնակցութիւնը այսօր պիտի գործադրէ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին առաւօտեան ժամը 6:00-9:00 պիտի փակուին
լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն ճամբաները, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:
Ցամաքային փոխադրութեան միջոցներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Պէյրութի մէջ պիտի փակուին Քաֆաաթի, Մրայժէի, քուէյթեան դեսպանատան հրապարակի, Պիր Հասանի եւ Քոլայի կամուրջի ճամբաները, ուրկէ առաւօտեան ժամը 9:00-ին պիտի սկսի բողոքի ցոյցը:
Ցոյցը պիտի սկսի Քաֆաաթէն դէպի Հատի Նասրալլա մայրուղի, Մար Մխայել եկեղեցի, Թայունէ, Պարպիրի կամուրջ, Պշարա Խուրի, Մըրի աշտարակ, Կեդրոնական դրամատուն, Համրա, Ռաս Պէյրութ եւ ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր համադաշնակցութեան նախագահները պիտի արտասանեն իրենց խօսքերը:
Պէյրութի մէջ փակ պիտի մնան նաեւ Մազրաայի, Մար Էլիասի, Զարիֆի, Սանայեհի, Տորայի, Քարանթինայի, Սայֆիի, Սթարքոյի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ճամբաները:
Լեռնալիբանանի մէջ փակ պիտի մնան Ալէյի, Պհամտունի, Նահր Քալպի փապուղիի, Պաաքլինի հրապարակի, Խալտէի, Արամունի եւ Ուզահիի ճամբաները:
Պեքաայի մէջ փակ պիտի մնան Պաալպեքի հարաւային մուտքը, Տուրեսը, Շթորայի հրապարակը, Մասնահը, Զահլէն եւ Ֆըրզոլը:
Հիւսիսային Լիբանանի պարագային փակ պիտի մնան Թրիփոլիի մուտքը, Պըհսասը, Քուրայի հրապարակը, Թալլը, Աքքարը եւ Ապտէն:
Հարաւային Լիբանանի պարագային փակ պիտի մնան Սայտայի հիւսիսային մուտքը, Քաֆարրմմանը, Նապաթիէն, Պասսը եւ Սուրը:
Նշենք, որ Հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան միջոցներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել էմիր Նաժտէ յայտնած էր, որ եթէ մինչեւ 25 յուլիս երկրին իշխանութիւնները չընդառաջեն ու չգործադրեն իրենց պահանջները, ապա իրենք բողոքի ցոյց պիտի կատարեն եւ համախմբուած կերպով փողոց պիտի իջնեն` բողոքելու համար անոնց դէմ:
Ան յայտնած էր, որ իշխանութեան պետերը խոստացած են իրենց պահանջները գոհացնել, սակայն ցարդ ոչինչ կատարած են այդ ուղղութեամբ:



