ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր նիստին ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը անմիջապէս կազմուի:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան վերաբերող տեղեկագիրը, որուն լոյսին տակ Հըզպալլան ամբաստանեց իր գերիշխանութիւնը բանեցնելու իմաստով Լիբանանի կառավարութեան կարողութիւնը ականահարելու յանցանքով:
Ան նշեց, որ Հըզպալլա տակաւին կը յայտարարէ զինուորական իր կարողութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տակաւին կան զինեալներ, որոնք լիբանանեան իշխանութիւններուն հակակշիռէն դուրս կը մնան:
Կութիերես անդրադարձաւ նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն, որոնք լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան չեն ենթարկուիր:



