Երէկ առաւօտեան հազար սուրիացի տեղահանուածներ Արսալէն վերադարձան Սուրիա` Զամարանիի անցքով:
Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կատարուեցաւ կազմակերպուած կերպով եւ կատարեալ խաղաղութեամբ:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ սուրիական բանակի պատասխանատուներ հսկեցին տեղահանուածներու տունդարձին:
Իպրահիմ հաստատեց, որ տեղահանուածներու տունդարձի այդ ընթացքը պիտի շարունակուի, մինչեւ բոլոր տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը:
Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութեան վերահաստատումը, որպէսզի կարենան ամբողջական լուծում մը բերել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցին:
Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի տնտեսական շահերուն, յատկապէս Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքի պարագային:
Միւս կողմէ, Պրիթելի Համմուտիէի գիւղաքաղաքին մէջ լիբանանեան բանակի մէկ զօրամասը ենթարկուեցաւ կրակոցի` Ալի Զէյտ Իսմայէլի գլխաւորութեամբ կազմուած զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակայինները ստիպուած եղած են նոյն ձեւով հակադարձել զինեալներուն` անոնց շարքերէն զգետնելով 8 զինեալներ, վիրաւորելով 6 ուրիշներ, ինչպէս նաեւ ձերբակալելով 41 յանցագործներ:
Բանակը գրաւած է նաեւ անոնց զէնքերն ու զինամթերքը, ինչպէս նաեւ մեծ քանակով թմրեցուցիչ:
Բանակը կը շարունակէ Պրիթելի մէջ իր հսկողութիւնը բանեցնել եւ պէտք եղած միջոցառումներուն դիմել` ձերբակալելու համար մնացեալ բոլոր յանցագործները:
Նշենք, որ կէս գիշերին Պրիթել եւ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ցրուուեցան կոչեր` այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին ճամբաները փակելու, Համմուտիէի մէջ բանակին գործողութիւնը դատապարտելու նպատակով:
Ըստ կոչին, այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին պիտի փակուին հետեւեալ ճամբաները. Պրիթելի միջազգային պողոտայ, Քայեալ, Նըքթա Ռապաա, Ժըսըր Ասի-Հերմել, Շարաուինա-Թալ Ապեատ, Ռայաքի միջազգային պողոտայ, Հաուշ Ռաֆքա, Պըտնայէլ եւ Թարայա:



