Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ քննարկեց վաղը` չորեքշաբթի, 25 յուլիսին, հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան միջոցներու համադաշնակցութեան կատարելիք գործադուլին դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պատասխանատուներուն հետ` լուծելու համար գործադուլի մղող պատճառները:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Սուրիոյ վերաշինութեան փուլը սկսած է աւելի իրական եւ շօշափելի դառնալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Հապշի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ թմրեցուցիչի օրէնքներուն` առաջարկելով այդ օրէնքները փոփոխութեան ենթարկելու վերաբերող ծրագիրներ: Ան նշեց, որ հաշիշի մշակման օրինականացումը կ՛արգիլէ թմրեցուցիչի մաքսանենգումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ իսրայէլեան Քնեսեթին վաւերացուցած այն օրէնքը, թէ Իսրայէլը «հրեայ ժողովուրդի ազգային պետութիւն»-ն է, կը նշանակէ պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումը` անոնց գտնուած երկիրներուն մէջ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ ներկայիս տիրող ընդհանուր պատկերին համաձայն, մենք բաւական մօտ ենք կառավարութեան կազմութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ իբրեւ համախմբում իրենք իրաւունք ունին երկու նախարար ունենալու, սակայն այդ պատճառով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պիտի չխոչընդոտեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատու բաժանմունքը երէկ հրապարակեց յօդուածներու շարք մը` հաստատելու համար, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծելու համար, որ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները կարելի չէ վերակենդանացնել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս նշեց, որ հաշիշի մշակման օրինականացումը Պեքաայի բնակչութեան համար երկրագործական մակարդակի վրայ աշխատանքի մեծ առիթ մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ հաշիշի ցանքը օրինականացնելու համար կարիք կայ օրէնսդրական կանոններու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի նոր միտքեր պիտի առաջարկէ` կառավարութեան կազմութեան գծով: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հանգուցալուծումը կրնայ կատարուիլ, եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ 11 նախարար ունենալու իրենց պահանջէն հրաժարին:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաքելութիւնը անկիւնադարձային է եւ պէտք է զայն դիւրացնել, որպէսզի Լիբանան կարենայ օգտուիլ երկրին ընծայուած կարելիութիւններէն:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, գրեց, որ վարչապետը ռուս պատասխանատուներուն հետ պիտի հետեւի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի մանրամասնութիւններուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ռուսական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող որեւէ մանրամասնութիւն պէտք է արժանանայ սուրիական համաձայնութեան:

 

 

Նախորդը

Պատասխանելով Ռուհանիին. Թրամփ. «Չհամարձակիս Անգամ Մը Եւս Սպառնալ Ամերիկային, Այլապէս Պիտի Կրես Հետեւանքներ, Որոնք Պատմութեան Մէջ Քիչերը Կրած Են»

Յաջորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.