Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կատարեց գրառում մը, թէ ինք քանի մը օրով կը մեկնի Լիբանանէն եւ լիայոյս է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի շուտով պիտի աւարտէ կառավարութեան կազմութեան գծով իր հաշուարկները: Նշենք, որ Պասիլ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի մասնակցի կրօնի ազատութեան ամրապնդումին նուիրուած խորհրդաժողովի մը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարուան Համատէ երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտէն ստացաւ 100 դպրոցական պաս, նուիրուած` Լիբանանի պետական դպրոցներուն:

ԱՆԿԱԽ կեդրոնի պլոքի երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս զգուշացուց երկրին դիմագրաւած տնտեսական վտանգներէն` կոչ ուղղելով կազմելու բարեկարգումի ծրագիր ունեցող փրկութեան կառավարութիւն մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Խուրի հաստատեց, որ իրենք կը նախատեսեն, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կազմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը գոհացնող կառավարութիւն մը:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ շեշտեց որ ժամանակն է վերջ տալու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի դրութեան եւ զայն վերադարձնելու Լիբանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ ջնջել Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ գործակցութենէն հրաժարելու նպատակով վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ բանեցուած ճնշումը ձախողած է` աւելցնելով, որ ըստ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկած տարազին, յաջորդ կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 5 նախարար:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը պիտի չօգտուի Սուրիոյ տնտեսութենէն, բացի երբ երկու կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սըժաան Քազզի մտավախութիւն յայտնեց, որ շուրջ կէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ մնան Լիբանանի մէջ եւ մերժեն տունդարձ կատարել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ, շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ կարելի չէ միաժամանակ Լիբանանի տնտեսութեան յանձնառու եւ սէուտական վեթոյին գերի ըլլալ:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Վար Առաւ Կոլանի Վերեւ Թռիչք Կատարող Սուրիական «Սուխոյ» Մը

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ Լիբանանի Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Անմիջական Կազմութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.