Պրիթելի Համմուտիէի գիւղաքաղաքին մէջ Ալի Զէյտ Իսմայէլի ու անոր նախագահած զինեալ խմբաւորումին դէմ լիբանանեան բանակին կատարած գործողութիւնը դատապարտող կողմեր, երէկ առաւօտեան փակեցին Պրիթելի ճամբան եւ գիւղաքաղաքին մուտքին անիւներ հրկիզեցին, հակառակ անոր որ Ալի Իսմայէլի դէմ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները 2941 բերման գիր արձակած են:
Այդ բերման գիրերը կը վերաբերին Իսմայէլի տարբեր յանցանքներուն, ինչպէս` զէնքի, զինամթերքի եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգում, ինքնաշարժի գողութիւն, պետական փաստաթուղթերու կեղծում, քաղաքացիներուն վրայ կրակել, բանակայիններ մահափորձի ենթարկել, բանակի ու ապահովութեան շրջուն ջոկատներու վրայ կրակել եւ կարգ մը զինուորներ ու ոստիկաններ վիրաւորել եւ այլն:
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ դրուատեց Համմուտիէի մէջ լիբանանեան բանակին կատարուած զինուորական գործողութիւնը: Ան հաստատեց, որ իրենք բանակին կատարած բոլոր նուաճումներով կը հպարտանան եւ կը գնահատեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով բանակին կողմէ իրագործուած ամէն ճիգ:
Սարրաֆ հաստատեց, որ մօտիկ անցեալի «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութիւնը, իսկ այսօր` բանակին հիմնադրութեան տօնէն քանի մը օր առաջ Համմուտիէի գործողութիւնը կը փաստեն, որ բանակը երկաթեայ բազուկով կը հարուածէ բոլոր օրինազանցները, ոճրագործներն ու խուլիկանները` պաշտպանելու համար լիբանանցիին անվտանգութիւնը:
Սարրաֆ նշեց, որ բանակին տարազը սուրբ է` աւելցնելով, որ իրենք այդ տարազը պիտի պաշտպանեն եւ անոր նեցուկ պիտի կանգնին ամենայն զօրութեամբ, որովհետեւ անիկա լիբանանեան միասնականութեան եւ երկրին պաշտպանութեան խորհրդանիշն է:
Միւս կողմէ, զինուորական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Համմուտիէի մէջ բանակին կատարած գործողութիւնը տեսակարար էր, որովհետեւ կարելի եղած էր Ալի Զէյտ Իսմայէլի «էմիրութիւն»-ը քանդել: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ այդ գործողութիւնը բանակին համար նուաճում մըն է` նկատի ունենալով, որ Ալի Իսմայէլ պատասխանատուն էր լիբանանեան տարբեր շրջաններու, յատկապէս Պէյրութի մէջ բաժնուող թմրեցուցիչին:



