Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Աուն դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանումին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան գծով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք զօր. Պերիի հետ հանդիպումին ընթացքին վերստին յայտնած է, թէ ինք խնդրած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ծառայութիւնը մէկ տարիով յետաձգել` առանց փոփոխութեան ենթարկելու անոնց պարտականութիւնները, պիւտճէն եւ թիւը:
Իր կարգին, զօր. Պերի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` ՖԻՆԻՒԼ-ին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ լիբանանեան բանակին հետ գործակցութեան համար:
Զօր. Պերի մաղթեց, որ այդ գործակցութիւնը նոյնքան հեզասահութեամբ շարունակուի զինք փոխարինող իտալացի հրամանատարին` զօր. Սթեֆան Տել Քոլի օրով:
Նախագահ Աուն յաջողութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց զօր. Պերիի` մեծապէս գնահատելով անոր հրամանատարութեան ընթացքին ցուցաբերուած գործունէութիւնը:
Ապա նախագահ Աուն զօր. Պերին պարգեւատրեց Մայրիներու «Հրամանատար»-ի աստիճանի շքանշանով:
Զօր. Պերի հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Քանատայէն Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիներու պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութիւնը բացառիկ եւ շատ ողջունելի եղած է, հակառակ անոր որ ոմանք իրենց անունները չարձանագրեցին կամ ուշացան արձանագրելու` քուէարկութեան մասնակցելու նպատակով:
«Հակառակ այս բոլորին, Քանատայի մէջ բնակող արտերկրի լիբանանցի քուէարկողներուն թիւը ամէնէն բարձրն էր», ըսաւ ան` քաջալերելով անոնց կամքն ու կորովը:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ անոնք շարունակեն նոյն կորովով ու խանդավառութեամբ գործել` ընդգծելով, որ իրենց հիմնական նպատակն է Լիբանանի եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ կապը պահել:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ վերջերս իրենք յայտարարած են Լիբանանի եւ Մատրիտի, Թորոնթոյի եւ Մեքսիքոյի միջեւ ուղղակի թռիչքներ, որոնք կը դիւրացնեն արտերկրի լիբանանցիներուն Լիբանան այցելութիւնը` հաստատելով, որ այդ թռիչքները աշխուժացնելու ծրագիրներ պիտի մշակուին:
Նախագահ Աուն գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` անոնցմէ խնդրելով նաեւ Լիբանանի համար քաղաքական տարակարծութիւններով եւ երկրին քայքայումին մասին տարաձայնութիւններով չտարուիլ:



