Հարիրի «Մըքքենզի» Ընկերութեան Հետ Քննարկեց «Սետր»-ի Խորհրդաժողովը Ամբողջացնող Ծրագիր Մը
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց «Մըքքենզի» ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրիի, նախկին նախարար Պասեմ Սապաայի, Տնտեսական շրջանի նախագահ Ռայա Հասանի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդական Միրէյ Աուն-Հաշեմի, նախկին երեսփոխան Ղազի Եուսեֆի, Սեփականաշնորհման խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Հայեքի, ինչպէս նաեւ խորհրդականներ Նատիմ Մունլայի, Ֆատի Ասալիի, Նեպիլ Եամմութի, Մազեն Սուէյտի...

















