ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը շարք մը զիջումներ կատարած է` դիւրացնելու համար վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը: Ան ըսաւ, թէ երկրին իշխանութիւնը բոլորին կը պատկանի` աւելցնելով, որ իրենք նախարարութեան մէջ աշխատանքի առած են բոլոր ատակ թեկնածուները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու կարիքը զգալի է` բարելաւելու համար երկրին տնտեսական կացութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ հաստատեց, որ ինք Զահլէի ելեկտրականութեան գծով որոշումը ո՛չ կ՛երկարաձգէ եւ ո՛չ ալ կը վերանորոգէ` աւելցնելով, որ այդ հարցին լուծումը խորհրդարանին կը պատկանի:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը տարիներէ ի վեր բնակարանային վարկեր տրամադրելու գործողութեան կը զօրակցի Կեդրոնական դրամատան միջոցով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ ընդգծեց, որ իրենք պահանջած են կառավարութեան կազմութիւնը կատարել` ըստ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն: Ան աւելցուց, որ իրենք կը սպասեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ներկայացուելիք կառավարութեան կազմին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին սանձազերծած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակին Ա. տարեդարձին առիթով ողջունեց լիբանանեան բանակը` զայն կոչելով Լիբանանի գերիշխանութեան խորհրդանիշը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կոչ ուղղեց հիմնելու անյայտ կորսուածները բացայայտելու լիբանանեան ազգային խորհուրդ մը: «Անհրաժեշտ է, որ այս թղթածրարը դառնայ լիբանանեան ազգային հարց, որովհետեւ բոլորը իրաւունք ունին գիտնալու անյայտ կորսուած լիբանանցիներու ճակատագիրը», գրեց Ապի Ռամիա:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը յաւելեալ զիջումներ չի կրնար կատարել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ կոչ ուղղեց լիբանանեան վարչակարգի գործիքակազմին վերաբերող որոշ իրականութիւններ վերատեսութեան ենթարկելու, որոնց շարքին նաեւ կառավարութեան կազմութեան ժամկէտի չգոյութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ յայտնեց, որ այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք սիւննի համայնքի ներկայացուցչութիւնը միայն քաղաքական մէկ ուժով չէ սահմանափակուած` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքէն անկախ ընտրուած սիւննի երեսփոխաններուն արդար իրաւունքն է ներկայացուիլ նոր կառավարութեան մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ թուիթըրեան գրառումով մը տեղեկացուց, թէ այսօր կը զուգադիպի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներուն` Սաատ Հարիրիի, Աշրաֆ Ռիֆիի, Ուիսամ Հասանի, Սայիտ Միրզայի, Սաքըր Սաքըրի եւ Էլիաս Իտոյի ղեկավարութեամբ սկսած սուտ վկաներու արշաւին եւ ապահովական կառոյցներու չորս պետերուն անարդար ձերբակալումի 13-ամեակին: «Տեսէ՛ք անոնց վիճակը այսօր. անիկա սպանեալ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի անէծքն է, իսկ մեր արդարութիւնը պիտի ամբողջացնէ զայն…», գրեց Սէյիտ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պաքր Հուժէյրի պատասխանելով երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտի կատարած յայտարարութեան շեշտեց, որ սպանեալ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի անէծքը զինք եւ անոր պատասխանատուները յաւիտեանս պիտի հալածէ մինչեւ Մուհաժիրին պալատ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն իր պաշտօնը կարելի չէ խլել, որովհետեւ նման քայլ հակասահմանադրական է: «Վարչապետ փոխելու միակ ձեւը անոր կամովին հրաժարիլն է, իսկ յաջորդ վարչապետը կը նշանակուի խորհրդարանի մեծամասնութեան կողմէ», ըսաւ ան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ այս փուլին ընթացքին իրենք յանձնառու են նախագահական համաձայնութեան, որուն շնորհիւ երկրին պետական հաստատութիւնները վերադարձան աշխատանքի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր կոչ ուղղեց հիմնելու անյայտ կորսուածները բացայայտելու լիբանանեան ազգային խորհուրդ մը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ինքզինք չյոգնեցնէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որովհետեւ կառավարութեան կազմութիւնը անոր վարպետին` գործարար Ալա Խաուաժայի մօտ կը գտնուի:
ԱՆԿԱԽ նասըրականներու շարժումի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ազգային պարտականութիւնն է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, թէ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է: