Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Սեպտեմբեր 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` աւելցնելով, որ վարչապետին կատարած վերջին խորհրդակցութիւններն ու հանդիպումները յանգած են ընդունելի արդիւնքներու, որոնց հիման վրայ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի կրնայ դառնալ:

Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ կարգ մը յստակացումներու համար վարչապետը կը սպասէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի այցելութեան: Ըստ այդ աղբիւրներուն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պիտի տրուի չորս նախարարութիւն, որոնցմէ ոչ մէկը ուժային պիտի ըլլայ եւ ո՛չ ալ փոխվարչապետի պաշտօնը պիտի ընդգրկէ:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Հարիրի Պասիլի հետ հանդիպելէ ետք այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Միւս կողմէ, «Եուրոնիուզ»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու Հըզպալլան տարակարծութիւններ ունին` աւելցնելով, որ «Հըզպալլա կը մերժէ Ծոցի երկիրներուն նկատմամբ իմ վարած քաղաքականութիւնս, իսկ ես չեմ կրնար հանդուրժել Իրանի եւ այլ հարցերու նկատմամբ անոնց կեցուածքները: Սակայն այս իրականութիւնը չի նշանակեր, որ երկրին ընթացքը չի շարունակուիր»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հետ գործակցութեան հարցին` վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Ռուսիա կը տիրէ Սուրիոյ` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ եւ անոր նախագահին` Վլատիմիր Փութինի հետ իր յարաբերութիւնը շատ լաւ է: «Փութինը կը յարգեմ եւ կը հաւատամ, որ կարելի է անոր հետ գործակցիլ, քան` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի», շեշտեց Հարիրի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ Թրամփի քաղաքականութիւնը յստակ է, եւ այդ յստակութիւնը յոյս կը ներշնչէ այն իմաստով, որ գիտենք ի՛նչ է քաղաքականութիւնը եւ կրնանք ըստ այնմ խորհրդակցիլ անոր հետ ու զայն տարհամոզել մեր կեցուածքներով եւ համոզումներով:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Սահմանային Անցքերը Բանալու Գծով Սուրիական Իշխանութիւնները Ոչ Մէկ Նախապայմանի Մասին Խօսած Են»

Յաջորդը

«Քաղաքական Պատասխանատուները Պէտք Է Աշխատին` Իրագործելու Համար Զիրենք Ընտրողներու Առաջադրանքները» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?