Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Ոչ Ոք Կրնայ Ինծի Կառավարութեան Կազմութեան Ժամկէտ Պարտադրել»

August 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 9:00-ին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Հարիրի – Ժահժահ հանդիպումը բացառիկ էր, մանաւանդ ընտրութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ Լիբանանեան ուժերու ունեցած չափին համաձայն կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իմաստով:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի ծերակոյտի անդամներ Նաթալի Կուլիէն, Ժոել Կիրիուն եւ Քորին Ֆերրէն` ներկայութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալիի, նախկին երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժի եւ Օմար Հարֆուշի:

Հանդիպումին ընթացքին ֆրանսացի ծերակուտականները ներկայացուցին Թրիփոլիի կենսոլորտային բարգաւաճման նուիրուած իրենց նախաձեռնութիւնը, ապա դարձան Հարիրիի ճաշի հիւրերը:

Հանդիպումէն ետք Կուլիէ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիին ներկայացուցած են իրենց ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները` աւելցնելով, որ կարգ մը համաձայնութիւններ գոյացած են` Լիբանանի կենսոլորտային ապականումը կանխարգիլելու նպատակով:

Հարիրի զօրակցութիւն յայտնած է այդ ծրագիրներուն` շեշտելով, որ ինք կը քաջալերէ այդ ծրագիրներուն գործադրութիւնը:

Կուլիէ յայտնեց, որ իրենք այցելած են նաեւ Թրիփոլի` շեշտելով, որ եթէ Թրիփոլին Լիբանանի տնտեսական մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ, ապա պէտք է կենսոլորտային պատշաճեցում եւ բարգաւաճում կատարել այդ իմաստով:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Պոնոմարիվ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Հարիրի կը մերժէ կարգ մը նախարարներու կողմէ ներկայացուած սահմանադրական տեսութիւնները եւ կը հաստատէ, որ ոչ ոք կրնայ իրեն կառավարութեան կազմութեան ժամկէտ պարտադրել:

«Ես եմ նշանակուած վարչապետը եւ կառավարութիւնը պիտի կազմեմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գործակցաբար եւ վերջ», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:

Նշենք, որ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթին եւ Ֆուատ Սինիորան:

Հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններ չկատարուեցան:

 

Նախորդը

Այզընքոթ Տել Քոլէն Կը Պահանջէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Իշխանութիւնը Պարտադրել Հըզպալլայի Վրայ

Յաջորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կ՛ուղղուի Դէպի Օրէնսդիր Աշխատանք, Իսկ Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը Կրնայ Երկրին Դիմագրաւած Հարցերուն Լուծման Նախաքայլը Ըլլալ»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.