Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Սահմանային Անցքերը Բանալու Գծով Սուրիական Իշխանութիւնները Ոչ Մէկ Նախապայմանի Մասին Խօսած Են»

Սեպտեմբեր 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տնօրէնութեան աշխատանքներէն գոհ չէ` նկատի ունենալով, որ իրենց առաջադրանքներն ու ձգտումները շատ աւելի մեծ են:

«Մենք հսկայ ջանքեր պէտք է թափենք իրականացնելու համար մեր ձգտումները, որովհետեւ լիբանանցիները աւելիին արժանի են», ըսաւ ան:

Իպրահիմ շեշտեց, որ ապահովական գետնի վրայ պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլալ` ապահովական որեւէ վտանգ կամ մարտահրաւէր դիմագրաւելու: «Միջազգային մակարդակով լաւագոյն ապահովական կառոյցը ըլլալու յոյսեր ունինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շրջանային մակարդակի վրայ Լիբանանի ապահովական կառոյցը փաստած է, որ ինք լաւագոյնն է:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ իրենք հաւասարէ հաւասար կը գործակցին ապահովական բոլոր կառոյցներուն հետ եւ կը համակարգեն աշխատանքը: «Ասիկա Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը բարձր մակարդակի վրայ զետեղած է», ըսաւ Իպրահիմ:

Ան նշեց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը պատասխանատու են թէ՛ լիբանանցի եւ թէ՛ սուրիացի ժողովուրդին, կը միտի ներկայացնել Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն դիմագրաւած ճնշումը` սահմանային անցքերուն, յատկապէս` Մասնաայի եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Սուրիա կատարած իր անցեալ այցելութեան ընթացքին սուրիական վարչակազմին հետ քննարկած է սահմանային անցքերուն հարցը` աւելցնելով, որ այդ գծով սուրիական իշխանութիւնները ոչ մէկ նախապայմանի մասին խօսած են:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին` Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ այդ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` ռուսական իշխանութիւններուն հետ: «Իբրեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժեր մենք աշխատանքի սկսած էինք նախքան ռուսական նախաձեռնութիւնը, եւ կը շարունակենք մեր աշխատանքները», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Կազմուի Արդարութեան, Հաւասարակշռութեան Եւ Համագործակցութեան Վրայ Հիմնուած Կառավարութիւն Մը»

Յաջորդը

Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?