Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաալպեքի Մէջ . Իմամ Մուսա Սատըրի Եւ Անոր Ընկերակիցներուն Առեւանգման 40-ամեակի Յիշատակի Ոգեկոչում

Սեպտեմբեր 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգումին 40-ամեակին առիթով, նախագահ Աուն ոգեկոչեց երեք առեւանգեալներուն յիշատակը:

Նախագահ Աուն անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրը նկատեց ազգային անձնաւորութիւն մը, որ պայքարած է Լիբանանի միասնականութեան եւ լիբանանեան ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան պատգամը պաշտպանելու ի խնդիր:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այսօր կարիքը կայ իմամ Մուսա Սատըրի նման անձնաւորութեան մը, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ վերածուի ներշնչարանի, ինչպէս նաեւ ուրիշին նկատմամբ բացուելու քաղաքականութեան սկզբունքի ջատագովի:

Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըր լիբանանեան ազգային, հոգեւոր եւ մարդասիրական նպատակներ իրագործող անձնաւորութիւն մըն էր, որ անյայտ կորսուեցաւ: Ան ընդգծեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգման հարցը բոլոր լիբանանցիներուն խնդիրն է:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Պաալպեքի «Քասամ» հրապարակին վրայ Ամալ շարժումին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն յիշատակը ոգեկոչելու ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ժամալ Ժարրահ, մեծ թիւով նախարարներ ու երեսփոխաններ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ, հոգեւորականներ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ:

Այս առիթով Պըրրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ըսաւ, թէ իրենց ջանքերը հաւատարմութեամբ պիտի շարունակեն` ազատելու համար իմամ Սատըրն ու անոր ընկերակիցները:

Ան նշեց, որ Սատըրը եւ անոր ընկերակիցները փնտռող յանձնախումբին աշխատանքը կը շարունակուի Լիպիոյ մէջ:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդգծեց, որ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան շիի երկուորեակներ են, որոնք միասնաբար կը դիմադրեն եւ միասնաբար կը գործեն:

Պըրրի ըսաւ, թէ անկարելի է Ամալի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկփեղկում յառաջացնել` ընդգծելով, որ անոնք Լիբանանի կուրծքի վանդակին մէջ զետեղուած երկու թոքերն են, որոնք Պեքաայէն կը բխին եւ հարաւային Լիբանան կը թափին:

Պըրրի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են եւ տակաւին կը ջանան կազմել կառավարութիւն մը, որ շրջանային հարցերէն եւ զարգացումներէն ինքզինք զերծ կը կացուցէ: Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով ինք լաւատեսի ու յոռետեսի միջեւ խառնուրդի իրավիճակին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի պէտք է հանդիպին եւ լուծեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կաղացնող թնճուկները:

Ան նշեց նաեւ, որ Պեքաան ամէնէն աւելի տառապած է սուրիացի տեղահանուածներուն բեռէն եւ հանդուրժած զայն: Այս գծով Պըրրի կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կատարելու` առանց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը սպասելու:

Խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ հաշիշի ցանքը օրինականացնելու անհրաժեշտութեան, յատկապէս նկատի ունենալով անոր բուժիչ յատկութիւնները:

Նախորդը

Մարզական Աւանին Մօտ Ինքնաշարժի Ահաւոր Արկած

Յաջորդը

Իսրայէլի Մէջ Դատական Գործ Յարուցուած Է Անօդաչու Թռչող Սարքեր Արտադրող Ընկերութեան Դէմ, Որ Ազրպէյճանին Օգնած Է Արցախի Մէջ Հարուածել Հայկական Դիրքեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?