Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:
Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահէն իմացած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Սակայն Ռայի պատրիարքը նշեց, որ իրենք միշտ լաւատես են, եւ ըսաւ. «Նախատեսուած է, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելէ նախագահ Աունին եւ անոր յանձնէ նոր կառավարութեան կազմի իր պատկերացումը»:
Ռայի պատրիարքը նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկրին տնտեսական կացութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն անոր ներկայացուցած է լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները` նկատել տալով, որ նախագահին հետ խօսած է ժողովուրդին բողոքներուն եւ Պետական շաուրայի տուած կարգ մը որոշումներուն մասին, որոնք չեն գործադրուիր:
Ան հաստատեց, որ սուրիացի եւ իրաքցի տեղահանուածներուն իրաւունքն է ապահով տունդարձ կատարել` նկատել տալով, որ նախ եւ առաջ անոնք պէտք է վերադառնան իրենց երկիրները, ապա մտածուի քաղաքական լուծման մասին:
Ռայի պատրիարքը իր յայտարարութիւնները եզրափակեց հաստատելով, որ ինք նախագահ Աունի մօտ լաւատեսութիւն շօշափած է` վարչապետ Հարիրիի Պաապտա կատարելիք այցելութեան գծով:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Ֆրանսայի ծերակոյտի անդամներ Նաթալի Կուլիէն, Ժոել Կիրիուն եւ Քորին Ֆերրէն` ներկայութեամբ Էլի Ապի Սաատի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կենսոլորտային բարգաւաճման ծրագիրները, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ կենսոլորտային մարզին վերաբերող նախաձեռնութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կենսոլորտի պաշտպանութիւնը իրեն համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ այդ մասին քարոզչութիւնը իր կարգին կարեւոր դերակատարութիւն ունի:
Նախագահ Աուն մեծապէս գնահատեց կենսոլորտի պաշտպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին յանձնեց անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգման 40-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին ներկայ գտնուելու պաշտօնական հրաւէրը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ուալիտ Խուրի: Քննարկուեցան Ժիպէյլի կարիքները եւ անոր ենթակառոյցի զարգացման վերաբերող ծրագիրները: