Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքները նոր թափ ընծայած են կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ կոչ ուղղեց կազմելու 12 ոչ կուսակցական նախարարներէ բաղկացող սեղմ կառավարութիւն մը` երիտասարդութեան յոյս ներշնչելու նպատակով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է լիբանանեան հաշուիչ մեքենայ մը օգտագործէ` առանց անսալու արտաքին տեղեկութիւններուն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը չի կրնար կուսակցական նախարարներ ունենալ իր չափաբաժինին մէջ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ օր մը օրանց իրենց իրաւունքէն բացի այլ բան չեն պահանջած` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը կաղայ արտաքին մաղթանքներու պատճառով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ 1 սեպտեմբերի ժամկէտին մասին կատարուած յայտարարութեան նպատակն էր արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կրնայ յաւելեալ թափ ստանալ յառաջիկայ օրերուն: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն որեւէ կառավարութիւն պիտի չընդունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ իրանեան ծրագիրին դէմ պայքարելու նպատակով կարեւոր է գոյացնել արաբական միացեալ ծրագիր մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Շարլ Ժապպուր նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող իսկական թնճուկը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի մօտ կը գտնուի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ռուսական հարցերով խորհրդական, նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ ոչ մէկ սուրիացի տեղահանուած բռնի ուժով պիտի վերադառնայ: Ան հաստատեց, որ տունդարձ կատարող բոլոր տեղահանուածները կամովին կ՛երթան իրենց երկիրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան համար իրենց լաւագոյնը կատարած են` աւելցնելով, որ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յանձնառու է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու:

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ նախագահ Ալեն Պերսէ եղբայրական խորհուրդ տուաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն` կառչած մնալու չէզոք կեցուածքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի: Նոյն աղբիւրները ընդգծած են, որ արտաքին գրաւներ կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութեան ջանքերը: Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ նոյն օրաթերթին յայտնեցին, որ այն տեսութիւնը, թէ Լիբանան Սուրիոյ կարիքը ունի` ձախող է, իսկ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններու բնականոնացումը Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր: Միւս կողմէ, միջազգային աղբիւրներ «Ժումհուրիա»-ին յայտնեցին, որ պէտք է զգուշ կազմել կառավարութիւնը, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը ոչ հաւասարակշռուած կառավարութեան մը պիտի չզօրակցի:

 

Նախորդը

Սասունի Մէջ Թուրք-Քրտական Բախումներ. Թրքական Կողմը Կորուստներ Ունի

Յաջորդը

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Կազմուի Արդարութեան, Հաւասարակշռութեան Եւ Համագործակցութեան Վրայ Հիմնուած Կառավարութիւն Մը»

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.