Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաղաքական Պատասխանատուները Պէտք Է Աշխատին` Իրագործելու Համար Զիրենք Ընտրողներու Առաջադրանքները» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

September 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆուտ էքսփօ» ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ` «Փլէյ պեք» ընկերութեան:

Նախարար Կիտանեան ցուցահանդէսին բացումը կատարելէ եւ զետեղուած տաղաւարները շրջագայելէ ետք, ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց, որ Թրիփոլի կը գտնուի:

Ա. Կիտանեան դրուատեց ցուցահանդէսը կազմակերպող «Փլէյ պեք» ընկերութեան արհեստավարժութիւնը` աւելցնելով, որ նման ցուցահանդէս մը կազմակերպելը ինքնին հերոսական արարք մըն է, «իսկ ցուցահանդէսին մասնակից կողմերը կը փաստեն Լիբանանի նկատմամբ իրենց հաւատքը` զայն վերածելով գործի եւ խօսքի», ըսաւ նախարար Կիտանեան:

Ան նշեց, որ ինք ամէն օր կը փափաքի Թրիփոլի այցելել` հաստատելով, որ ինք քաջ գիտէ, թէ շրջանին երեսփոխանները չեն թերանար Թրիփոլիի մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունենալու առումով:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանան ենթադրուած է ըլլալու այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ, որուն ընթացքին պիտի կազմուի նոր կառավարութիւնը` շարունակելու համար այս իշխանութեան օրով սկսած աշխատանքները: «Հետեւաբար, քաղաքական այն պատասխանատուները, որոնք կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, պէտք է աշխատին` իրագործելու համար զիրենք ընտրողներուն առաջադրանքները», ըսաւ նախարար Կիտանեան` աւելցնելով, որ այդ իրագործումները կատարելու պատրաստակամութիւնը կրնայ ըլլալ կառավարութեան կազմութեան չափանիշը:

«Կարելի չէ ըսել, թէ մեծ թիւով լիբանանցիներ ի նպաստ մեզի քուէարկած են, եւ յաջորդ օրն իսկ մոռնալ ժողովուրդին առօրեան յուզող խնդիրները, եւ հայեացքը սեւեռել կառավարութեան կարկանդակին` ջանալով ստանալ այդ կարկանդակին ամէնէն մեծ կտորը: Ի վերջոյ ոչ ոք պիտի կարենայ ճաշակել այդ կարկանդակը, եթէ շարունակէ անտեսել ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերը, պահանջներն ու կարիքները», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ կառավարութեան կեանքէն մէկուկէս տարի ետք, ինք, որ դրական է իր մօտեցումներուն մէջ, կը պժգայ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան մէջ տիրող կացութեան ի տես: «Կարելի չէ բացատրել ժողովուրդին, թէ ինչերո՞վ կը զբաղինք եւ թէ ինչպէ՞ս քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ նոր կառավարութեան մէջ իր չափաբաժինը կը փնտռէ եւ կը ջանայ նախարարներ նշանակել: Այս յայտարարութեամբ ես քաղաքական ոչ մէկ ուժ կը բացառեմ», շեշտեց ան:

Ա. Կիտանեան մաղթեց, որ քաղաքական պատասխանատուները դարձեալ սկսին հոգալ ժողովուրդին, որուն կոչ ուղղուեցաւ 6 մայիսին ուղղուելու քուէատուփ: «Ժողովուրդը կատարեց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը, իսկ մենք պէտք է հոգանք անոր կարիքները, որովհետեւ անոնք մեզմէ կ՛ակնկալեն սկսիլ աշխատանքի», հաստատեց Ա. Կիտանեան:

Նախորդը

Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Յաջորդը

Մարզական Աւանին Մօտ Ինքնաշարժի Ահաւոր Արկած

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.