Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակն ու նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Հարիրի ընդունեց Միջազգային դրամատան շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարը, ընկերակցութեամբ` Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի տնօրէն Ֆարիտ Պալհաժի:
Հանդիպումէն ետք Պալհաժ յայտնեց, որ միջազգային դրամատան պատուիրակութիւնը վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է Լիբանանի կողմէ էական բարեկարգումները լրջօրէն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան մարզերուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի համար նոր ներդրումներ ապահովել:
Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի նախանցեալ գիշեր ընթրիքի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան քաղաքական սառած կացութեան մը մէջ է, սակայն «ես կը հաւատամ այս տագնապէն դուրս գալու մեր կարողութիւններուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան կրցած է շատ աւելի մեծ եւ դժուար տագնապներ շրջանցել:
Հարիրի շեշտեց, որ երբ իր հայրը` նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին Լիբանան եկած է, երկիրը ո՛չ դրամ ունէր եւ ո՛չ ալ ամավարկ, քանդուած վիճակ կը պարզէր: «Սակայն, հակառակ այդ բոլորին, ան կրցաւ վերակառուցել երկիրը եւ բարգաւաճում ու զարթօնք ապահովել` բոլորին հետ գործակցաբար», յայտնեց ան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ այսօր եւս առիթ կայ սեփական մարզին, ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն, առեւտրականներուն, դրամատուներու սեփականատէրերուն, իրաւաբաններուն եւ երիտասարդութեան հետ գործակցաբար Լիբանանը դուրս բերելու իր դիմագրաւած տագնապէն:
Կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ ան ըսաւ, որ լուծումը իր մօտ չէ, այլ` ուրիշներուն:



