ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը, ազգային արդիւնաբերութիւնն ու ճարտարարուեստի մարզը բարգաւաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան մաղթեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի եւ անոր աշխատանքը հեզասահօրէն ընթանայ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց լիբանանցիները` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաշտութեան առիթով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը վստահի վարչապետ Սաատ Հարիրիին` աւելցնելով, որ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան պարագային իրենց միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ պիտի ընթանայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց բարեփոխելու այն օրէնքները, որոնք կը վերակազմակերպեն, կը կարգաւորեն եւ կը բարգաւաճեցնեն սեփական մարզը:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ամէն ջանք ի գործ դրած է` պահպանելու համար Լիբանանի ելեւմտական կայունութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ազգային երկխօսութիւնը` երկրին տագնապները շրջանցելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով դրական քայլ մըն է:
ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ Խորհրդակցական հանդիպումին իրաւունքն է իբրեւ գործընկեր կառավարութեան մաս կազմել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի ընդգծեց, որ նշանակուած վարչապետն է, որ կ՛որոշէ նախարարները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանը միմիայն փոխըմբռնումով կարելի է ղեկավարել, այլապէս երկիրը ամբողջութեամբ կրնայ փուլ գալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հաշտութիւնը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի հաստատեց, որ Պքերքէի մէջ հաշտութեան նպատակն է անցեալի ցաւալի էջը փակել` հաստատելով, որ անիկա հաշտութիւն է եւ ոչ թէ քաղաքական փոխըմբռնում:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անիս Նասսար շեշտեց, որ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկին հանգուցալուծումը կրնայ տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկին լուծման նման ըլլալ: Նասսար աւելցուց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ձայնին կշռոյթը իրենց համար նորութիւն չէ այլեւս:
ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան իրենց կեցուածքին` աւելցնելով, որ իրենք իրենց իրաւունքը կը պահանջեն եւ բնաւ չեն շեղիր անկէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրէ մը, կը շեշտէ, թէ կառավարութեան կազմութեան նշոյլը նոյնիսկ անհետացած է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ բոլորը կոչուած են սրբագրելու Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ արձանագրուած խախտումները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Լիբանանի տրամադրուած բարգաւաճման ծրագիրները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին իմացուցած է, թէ կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութենէն փախուստ չկայ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պասիլ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէին համոզած է հանդարտութիւնը պահելու` շեշտելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրին հրաժարելու մղելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, անկախ սիւննի երեսփոխանները կը մերժեն, որ իրենցմէ վեցէն բացի այլ անձնաւորութիւն մը զիրենք ներկայացնէ: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն, կը հաստատէ, որ պահանջներուն առաստաղը բարձր է, սակայն կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը լուծելու իմաստով դռները փակ չեն:


