Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ լաւատեսութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն առումով:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ ամէն տեսակի բնակեցումը` ըլլայ ան ուղղակի թէ անուղղակի:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանան առանց կառավարութեան է, որովհետեւ ոմանք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքները ընդունիլ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով կարգ մը երկիրներ Սէուտական Արաբիան շանթաժի կ՛ենթարկեն: Ան զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի շաբաթավերջին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին դիմաց երդման արարողութիւն կատարեց եւ նշանակուեցաւ Լիբանանի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան մօտ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին անձնական ներկայացուցիչը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ հաստատեց, որ անկարելի է արտօնել վարչապետ Սաատ Հարիրիի ձախողութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ ոմանք կը մերժեն Լիբանանի կառավարութեան մէջ Դիմադրութեան անդամ նախարարի մը գոյութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան կազմը պատրաստ է եւ կը սպասէ միայն երեք նախարարի անուններու, որպէսզի յայտարարուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան արգելակումին իսկական լուծումը կարելի է ապահովել Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կառավարութեան մէջ ներկայացնելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի շեշտեց, որ կայ լիբանանեան քաղաքական ուժ մը, որ կը փափաքի «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութիւնը զիջիլ` խանգարելով կառավարութեան կազմութեան գործադրութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան ժողովրդային պատուիրակութիւններու հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ համախմբումի անդամ, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանանը փրկելու համար կարիք կայ իմաստուն կեցուածքի եւ զօրութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան իր գրառումին մէջ նշեց, որ «անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան թնճուկի հանգուցալուծման ձեւին սպասելու ընթացքին Միջազգային դրամատունը եկած է մեզի փոխանցելու, թէ յոյն-պարսկական տարակարծութիւնը պիտի քանդէ Լիբանանի տնտեսութիւնը»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ խիստ մերժելի է Ժամալ Խաշոկճիի մահուան թղթածրարը շահագործել Սէուտական Արաբիան շրջափակելու համար: Անդրադառնալով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու սիւննի երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու հարցին` Ժահժահ շեշտեց, որ ատիկա նոր խոչընդոտ մըն է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմաց` աւելցնելով, որ ատիկա կախեալ է Իրանի քաղաքական շահերէն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկին հանգուցալուծումը կը գտնուի Խորհրդակցական հանդիպումին մօտ: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի չբացայայտէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան որոշումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ կը գտնուի, որովհետեւ հարցը Հարիրիէն է, իսկ հարցին լուծումը` Հարիրիի մօտ:

ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ հանդիպումը տակաւին առկայ է: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպելու առումով հարցեր չունին:

ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իրենց կեցուածքին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններու արդիւնքներուն մասին զիրենք ոչ մէկը տեղեակ պահած է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ շեշտեց, որ կարելի չէ աշխատավարձի շնորհումը զանց առնել` աւելցնելով, որ նման քայլ լուծում չի նկատուիր, այլ` հարցերը կրնայ բարդացնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հռետորաբանութիւնը ազգային մակարդակի վրայ փոխուած է եւ անիկա հեռու է համայնքային լարուածութիւն յառաջացնելէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Զասիփքին շեշտեց, որ իրենք կը ջանան պահպանել ուղղափառ համայնքին միասնականութիւնը` զանց առնելով տիրող ներկայ տարակարծութիւններն ու վիճաբանութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Սինիորա շնորհաւորեց զանոնք եւ ողջունեց մարոնի երկու ղեկավարներուն միջեւ գոյացած հաշտութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապու Հասան, հանդիպելէ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ, շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն կը պահանջուի նշանակուած վարչապետին աշխատանքը դիւրացնել:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու շարժումի` Մուրապիթունի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ վարչապետ Հարիրի ինքզինք անուանէր Լիբանան հայրենիքին յանձնառու մնալու հայրը եւ ոչ թէ սիւննի համայնքին հայրը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք չէ կառավարութեան մէջ ներկայացուի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Հասպայայի, Արքուպի եւ Շեպաայի վերեւ գործեց թռիչքներ` խախտելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, թէ վարչապետը հարց չունի, եթէ վեց սիւննի անկախ նախարարները հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի բաժինէն ներկայացուին նախարարով մը` նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահը անկախ է իր նախարարներու նշանակումի հարցով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութիւնը կը միտի ըլլալ աշխուժ եւ արդիւնաբեր:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն 20 Նոյեմբերին Պիտի Յայտնէ Պատուիրատուին Անունը. Թրամփ. «Մոհամետ Պըն Սալման Ինծի Ըսաւ, Թէ Խաշոկճիի Սպանութեան Հետ Կապ Չունի»

Յաջորդը

Ատամնաբուժներու Սենտիքայի Ընտրութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.