Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ նախկին դատաւորներու լիկայի վարչական խորհուրդը, գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Անթոնի Իսա Խուրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ դատաւորներ Իզզաթ Այուպի (խորհուրդի փոխնախագահ), Հասան Հաժ, Ֆաուզի Տաղեր, Քամալ Քատի, Անթուան Ռահեպ եւ Անթուան Ռաշմանի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ընթացքի մէջ է եւ ոչ ոք պիտի կարենայ այդ պայքարին վերջ մը տալ:
Նախագահ Աուն կեդրոնացաւ փտածութեան դէմ մղուած պայքարին մէջ դատական իշխանութիւններուն դերակատարութեան վրայ` նշելով, որ դատական իշխանութիւններն են, որոնք պիտի իրականացնեն այս նպատակը, արդարութիւն բանեցնեն, ինչպէս նաեւ սանձարձակութիւններուն եւ օրէնքի խախտումներուն վերջ տան:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ իր պաշտօնավարութեան երկամեայ գործունէութեան ընթացքին իրագործուած ապահովական, վարչական եւ դատական նուաճումներուն` հաստատելով, որ այդ իրագործումները բարեկարգումներու ուղիին վրայ քայլեր են:
Ան շեշտեց, որ ինք լիբանանցիներուն խոստացած է այդ քայլին կառչած մնալ, ինչքան ալ դժուար ու փշոտ ըլլայ բարեկարգումներու իրագործման ուղին:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր մարզերը կոչուած են կերտելու լիբանանեան պետութիւնը, որովհետեւ անիկա բոլորին ազգային պարտականութիւնն է:
«Լիբանան իր անկախ ինքնորոշման արժանիքը վերականգնած է եւ հետեւաբար դադրած` հետեւորդ ըլլալէ», եզրափակեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Կապի Լայեուն: Քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Զահլէի եւ անոր շրջակայքին կարիքները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին յատուկ լիբանանեան-ռուսական յանձնախումբին աշխատանքները` նկատի ունենալով, որ Ապու Զէյտ այս յանձնախումբին մէջ կը ներկայացնէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Ժեզզինի կարիքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարական հիւանդանոցին:
Ապու Զէյտ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Ժեզզինի մէջ լիբանանեան բանակի զօրանոց հաստատելու բանակին հրամանատարութեան որոշումին համար:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ գնդապետ-զօրավար Ռիֆաաթ Ռամատանի, որմէ ստացաւ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն նախագահելու հրաւէր մը:
Տօնակատարութիւնները կը սկսին 21 նոյեմբեր 2018-ին, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ անկախութեան վերաբերող յուշակոթողի մը բացումով, կը շարունակուին 22 նոյեմբերին տեղի ունենալիք զինուորական շքերթով` Պէյրութի «Շաֆիք Ուազզան»-ի անուան պողոտային վրայ եւ կ՛աւարտին 22-ի գիշերը` «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ տեղի ունենալիք ազգային երգերու համերգով:




