Ատամնաբուժներու սենտիքայի ընտրութիւններուն ընթացքին երէկ յաղթանակ արձանագրեց Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ դաշինքը, որ կրցաւ սենտիքայի 8 անդամներէն 6-ը ապահովել:
Միւս երկու անդամները ընտրուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան թեկնածուները:
Ատամնաբուժներու սենտիքայի անդամ ընտրուեցան Մարուն Ապու Քարամ, Սամեր Ռիֆայի, Էլիաս Եազպեք, Ժորժ Աուն, Ռալֆ Զարազիր, Աթեֆ Նոհրա, Ռոժէ Ռպէյզ (Փաղանգաւոր կուսակցութիւն) եւ Էմիլի Հայեք (Փաղանգաւոր կուսակցութիւն):
Սենտիքայի նախագահ ընտրուեցաւ Ռոժէ Ռպէյզը:


