Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ կազմակերպեց երթ մը` դէպի Նահր Քալպի մօտակայքը զետեղուած Լիբանանէն օտար ուժերուն հեռացումը խորհրդանշող յուշաքարը:
Յուշաքարին դիմաց իր արտասանած խօսքին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք մուտք գործած են Լիբանան եւ փորձած զայն իրենց լուծին տակ պահել` ձախողած են ու հեռացած Լիբանանէն, «իսկ մենք գոյատեւած ենք: Մենք` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, Լիբանանի ժայռն ենք ու անկախութեան ապառաժը եւ այդպէս ալ պիտի մնանք ու գոյատեւենք», ըսաւ ան:
Պասիլ կոչ ուղղեց Քեսրուանի երեսփոխաններուն արտօնութիւն պահանջելու, որպէսզի կարելի ըլլայ զետեղել նաեւ Լիբանանէն սուրիական ուժերու հեռացումը խորհրդանշող յուշաքար մը: «Այսպիսով, մենք կը ներդաշնակուինք մեր պատմութեան հետ, որովհետեւ պայքարեցանք, երբ պայքարիլն էր մեր պարտականութիւնը, եւ հաշտուեցանք, երբ հաշտութեան փողը հնչեց: Այս է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, որ ինքզինք կը յարգէ, իսկ անկախութիւնը միայն հող, մտայնութիւն եւ հոգեվիճակ չէ: Այսօր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ անկախ է եւ երկրին անկախութիւնը կը պահպանէ պետականաշինութեամբ», շեշտեց ան:
Պասիլ նշեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը արտաքին ոչ մէկ գրաւի կապուած է` մաղթելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը նախապատուութիւնը կու տան ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան, որովհետեւ անիկա Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ: «Այսօր մեր գրաւը միայն մեր անկախութեան վրայ դրած կ՛ըլլանք, այս իշխանութիւնը պիտի շարունակէ իր ընթացքը, եւ պիտի կարենանք շրջանցել դժուարութիւնները: Այսօր մենք որոշած ենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնատեղին հիմնել Նահր Քալպի ժայռին` անկախութեան ժայռին վրայ: Այս կեդրոնատեղին 2019-ին պիտի սկսի գործել եւ պիտի յարատեւէ հազարամեակ մը», շեշտեց Պասիլ:
Միւս կողմէ, Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, անկախ սիւննի երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի հետ: Քննարկուեցաւ վեց սիւննի անկախ երեսփոխաններուն հետ այսօր հանդիպելու կարելիութիւնը:



