Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զբօսաշրջական Առումով Լիբանանը Չինաստանի Մէջ Շուկայադրելու Համար Արագ Քայլերով Սերտուած Աշխատանքի Պիտի Դիմենք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

November 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց չինական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին չինական ճամբորդական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան առեւտրական կցորդ Լի Ճինկի ու «Քոնքորտ» ճամբորդական գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Ֆաքիհի եւ ներկայութեամբ «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան նախագահ Նատիմ Ժորժ Ֆրէյհայի:

Հանդիպումին ընթացքին չինական պատուիրակութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն եւ Լիբանանի զբօսաշրջական վայրերը այցելելու առիթը ունենալուն համար:

Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ չինական պատուիրակութեան հետ հանդիպումը գործնական առաջին քայլն է` չինական զբօսշրջութեան շուկան մուտք գործելու առումով:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջական առումով Լիբանանը Չինաստանի մէջ շուկայադրելու համար արագ քայլերով սերտուած աշխատանքի պիտի դիմեն, յատկապէս Չինաստանի կարգ մը քաղաքներուն մէջ:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի մասնակցի Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք զբօսաշրջական ցուցահանդէսներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանան պիտի հրաւիրէ կարգ մը ճամբորդական գրասենեակներ եւ ճամբորդութիւններ կազմակերպողներ:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ չինական պատուիրակութեան տեսակէտը փոխուած է, երբ պատուիրակութիւնը այցելած է Լիբանան եւ մակերեսային իր տեղեկութիւնները փոխարինած ճշմարտութեամբ` վայելելով նախ եւ առաջ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Ան նշեց, որ չինական պատուիրակութիւնը ոչ մէկ մտահոգութիւն ունի Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը Չինաստանի մէջ շուկայադրելու իմաստով, յատկապէս փաստելէ ետք, որ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը առկայ է, իսկ զբօսաշրջական մարզը, յատկապէս պանդոկներու եւ ճաշարաններու մարզերը բարձր մակարդակի են եւ չինացի զբօսաշրջիկը կը գոհացնեն:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ չինական զբօսաշրջութեան շուկան խոստմնալից է, սակայն որոշ ժամանակի կարիք ունի` գործակցելու լիբանանեան շուկային հետ:

Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը` ով որ ալ ըլլայ ան, կը ստանձնէ երկու հիմնական շուկաներու հետ զբօսաշրջական գործակցութեան աշխուժացումը: «Քաղաքական յարաբերութիւններու բարելաւումի կարօտող Ծոցի երկիրներուն եւ աճ արձանագրող եւրոպական երկիրներուն կողքին, պէտք է անպայման ռուսական եւ չինական զբօսաշրջական շուկաներուն հետ գործակցիլ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Թայմուր Ժոմպլաթ – Թոնի Ֆրենժիէ Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանան-Հայաստան Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Դեսպան Մկրտչեանին

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.