Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարը, ընկերակցութեամբ` Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանի տնօրէն Ֆարիտ Պալհաժի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամատան զօրակցութիւնը` Լիբանանին, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ճիգերը բոլոր մարզերուն, յատկապէս` ելեւմտական մարզին մէջ բարեկարգում ապահովելու:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը Միջազգային դրամատան կարողութիւնները դրաւ Լիբանանի տրամադրութեան տակ` ճշդելով բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, համաձայն «Սետր» խորհրդաժողովի որոշումներուն:
Պալհաժ դրուատեց խորհրդարանին վաւերացուցած օրէնքները, որոնց մեծ մասը կը վերաբերէր «Սետր»-ի որոշումներուն: Ան գնահատեց Լիբանանի մէջ վերջին տարիներուն պատրաստուած եւ վաւերացուած ամավարկերու դրութիւնը` ընդգծելով անոնց բովանդակութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային դրամատան` լիբանանեան ելեւմտական եւ վարչական հաստատութիւններուն հետ անոր ցուցաբերած գործակցութեան համար:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարիլ, խորհրդարանին եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ հսկողութիւնը խստացնել, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարել:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի կարիքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ եւ նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ:



