Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը լիբանանեան կառավարութեան հետ կնքեց նուիրատուութեան ձեւաչափով շուրջ 110,5 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ֆինանսաւորման վեց նոր համաձայնագիրներ` աջակցելու համար Լիբանանի անվտանգութեան ոլորտին, տագնապէն վնասուած շրջաններու առողջացման եւ հիմնական բարեկարգումի առաջնահերթութիւններուն: Բոլոր համաձայնութիւններն ալ կնքուեցան ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի հետ»: «Այս նուիրատուութիւնները Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի մայիս 2024-ին Պէյրութ...

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւններու զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրի նաեւ ընդունեց սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը` ներկայութեամբ իր քաղաքական օգնական, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլի:

Գահիրէի Մէջ Պայրագտարեանին  Յանձնուեցաւ Գնահատման Յուշանուէր Մը

Գահիրէի Մէջ Պայրագտարեանին Յանձնուեցաւ Գնահատման Յուշանուէր Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի ժողովներու ծիրին մէջ մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու աշխատակիցներու 3-րդ ֆորումի փակման հանդիսութեան, որ Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան կողմէ կազմակերպուած էր Արաբական լիկայի հսկողութեամբ: Այս առիթով նախարար Պայրագտարեանի յանձնուեցաւ գնահատման յուշանուէր մը: Նոյնպիսի յուշանուէրներ յանձնուեցան Թունուզի եւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներուն:  

Ռաժժի. «Որոշումը Պատմական, Վճռական Ու Վերջնական Էր, Եւ Անկէ Ետդարձ Չկայ»

Ռաժժիի Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներու Արտայայտումը Կը Շարունակուի

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի Իսրայէլի Լիբանանի դէմ յարձակումները արդարացնող յայտարարութիւնը կ՛ապացուցէ ազգային գերիշխանութիւնը հարուածելու եւ ներքին պառակտումը ամրապնդելու շարունակուող վարմունքի վտանգաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ «գերիշխանական» եզրին ետին պահուըտողներու դատարկ պնդումները: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նշեց, որ կառավարական ամբողջ համակարգն ու անոր մասնակցող բոլոր կողմերը կը կրեն գերիշխանութենէն հրաժարելու եւ...

Իսա. «Լիբանանին Աջակցութիւնը  Երբեք Չդադրեցաւ»

Իսա. «Լիբանանին Աջակցութիւնը Երբեք Չդադրեցաւ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շրջեցաւ սքանըրի մեքենաները աչքէ անցընելու համար: «Աշխատանքի կշռոյթը արագ է, եւ հպարտ եմ, որ այդ մեքենաները հոս են», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշեց. «Պէտք է վերականգնուի բնական կացութիւնը, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պետութեան վերադառնալն է, որպէսզի անոր եկամուտները չթալանուին եւ չգողցուին»: «Այն ճարտարագիտութիւնը, որ այսօր տեսայ, այն տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Հաւանական է, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի շաբաթ օր Ռաս Նաքուրայի մէջ նախատեսուած ժողովը յետաձգուի այլ թուականի, որ տակաւին չէ ճշդուած»: . ԱԿԱՆԱՒՈՐ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Գոյութիւն ունի արաբական դժգոհութիւն` բացակայութենէն լիբանանեան յստակ դիրքորոշումներու, որոնք կը ճշդեն իր շրջապատին մէջ տեղի ունեցողին վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշումը»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Սէուտական Արաբիան դիտաւորեալ կերպով Քաթարը մասնակից կը դարձնէ լիբանանեան բեմի...

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

Երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ մասնակցութեամբ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի, քաթարցի պատուիրակ Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Ալ Թանիի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի,  Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի եւ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ...

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

Երէկ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը` «Թելէ Լիպան»-ը պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին թեկնածու առաջադրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի յիշողութեան ցուցակին: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին խօսք մը արտասանելով նշեց. «Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը լուսարձակի տակ վերադարձաւ եւ դարձեալ պիտի շողարձակէ»: «Այս իշխանութեան կառավարութիւնը յաջողեցաւ 1999-էն, այսինքն` 26 տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պատկերասփիւռի կայանի վարչական խորհուրդ նշանակել», նշեց Մըրքոս: Հանրապետութեան...

Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը` իբրեւ Հնգեակ յանձնախումբի ներկայացուցիչ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Պըրրի գնահատեց «Լիբանանին ու իրմէ պահանջուածը ամբողջացուցած անոր բանակին աջակցութեան ֆրանսական եւ բոլոր պետութիւններու ջանքերը»: «Լիբանան յարգեց ու կը յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութիւնը», վերահաստատեց ան: «Իսրայէլ...

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու ժողովներու ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Քուէյթի երիտասարդութեան հարցերու պետական նախարար Ապտելռահման Մթէյրիի եւ Քաթարի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ: Երէկ առաւօտեան Պայրագտարեանի հրաւէրով Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ...

Ռաժժիի Արտայայտած Դիրքորոշման  Վերաբերեալ Կեցուածքներ

Ռաժժիի Արտայայտած Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներ

Ամալ շարժումի ղեկավար մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Հեգնական է, որ մեր կառավարութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարը կ՛արդարացնեն սիոնական թշնամիին կողմէ լիբանանեան հողերու մէկ բաժինի գրաւումը, երբ նահատակներուն ու վիրաւորներուն արիւնը տակաւին չէ չորցած»: Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` իր քաղաքական դիրքորոշման ու աշխատանքային ծրագիրին մէջ փնտռելու, թէ ազգային գերիշխանութեամբ հետաքրքրուա՞ծ է կամ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւններուն կը հետեւի»: «Դիմադրութիւնը այլընտրանքն...

Ըստ «Ժազիրա»-ի.  Լիբանանեան Բանակը Աուալի Եւ Լիթանի Գետերուն  Միջեւ Կացութեան Գումակային Տեսանկիւնէն  Գնահատումը Կը Կատարէ

Ըստ «Ժազիրա»-ի. Լիբանանեան Բանակը Աուալի Եւ Լիթանի Գետերուն Միջեւ Կացութեան Գումակային Տեսանկիւնէն Գնահատումը Կը Կատարէ

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը յայտնած է. «Բանակը Աուալի եւ Լիթանի գետերուն միջեւ կացութեան գումակային տեսանկիւնէն գնահատումը կը կատարէ»: «Բանակը այդ գնահատման վրայ հիմնուելով զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլի պատկերացում մը պիտի մշակէ», նշած է աղբիւրը:    

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի  Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներ  Խմբաւորումը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Կ՛որակէ

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներ Խմբաւորումը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Կ՛որակէ

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորումը ահաբեկչական խմբաւորում որակեց` ընդառաջելով իր արաբ դաշնակիցներու եւ պահպանողական ամերիկացիներու պահանջներուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս որակումը կ՛արտացոլացնէ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորման մասնաճիւղերուն կատարած բռնարարքներուն եւ անկայունութեան դիմակայման համար շարունակուող ջանքերուն առաջին քայլերը»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւնները յայտնեցին, որ Լիբանանի, Յորդանանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Նահանգները երէկ առաւօտեան համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ յառաջիկայ ամսուան կիսուն Տոհայի մէջ գումարուի Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութեան ժողով մը: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Հնգեակին այս աշխուժութեամբ վերադարձը կ՛արտացոլացնէ արաբական եւ միջազգային համոզումը, թէ Լիթանի գետի հարաւին մէջ ձեռք բերուածը կը դիտուի իբրեւ շրջադարձային...

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստը` վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ: Նիստէն ետք  տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ներկայացուց կառավարութեան որոշումները եւ յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման առումով ծախսերը եւ եկամուտները շատցնելու կարելիութիւնները` հանրային սեփականութեան եւ պետութեան սեփականութիւնը եղող կալուածներու վերաբերող հարցերու կողքին: Մըրքոս հաստատեց, որ վերակառուցման օրակարգը երբեք անտեսուած չէ, եւ մօտիկ ապագային կը նախատեսուի կառավարութեան նիստ մը` զայն...

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

Երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին, Սեւ ծովէն Լիբանան հասած ձիւնամրրիկը երկիրը սպիտակով ծածկեց: Արդարեւ, սաստիկ ցուրտի այս ալիքը առատ ձիւն պատճառեց լեռնային շրջաններուն մէջ, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ առատ կարկուտ տեղաց: Այս ձիւնամրրիկը իր բարիքներուն առընթեր, իր աւերներն ալ գործեց, ինչպէս կարգ մը շրջաններու մէջ արմաւենիի ծառեր արմատախիլ եղան, իսկ Պէյրութի մէջ կարգ մը տանիքներու վրայ զետեղուած արեւային...

Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց իր եգիպտացի պաշտօնակից, արաբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդի գործադիր գրասենեակի նախագահ Աշրաֆ Սուպհիի, Եգիպտոսի վարչական նոր մայրաքաղաքին մէջ: Եգիպտացի նախարարի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ռաէտ Ատուան: Քննարկուեցան Լիբանանը, Եգիպտոսը եւ Յորդանանը հետաքրքրող երիտասարդական եւ մարմնակրթական հարցեր: Երեք նախարարները շրջագայեցան...

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հնգեակ յանձնախումբի անդամ երկիրներու` Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարին, Միշել Իսան, Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին եւ Ալա Մուսան: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք շարք մը նիւթեր, որոնց կարեւորագոյնը կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի ծրագիրն էին»: «Անոր եւ լիբանանեան կառավարութեան...

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

Եգիպտացի կառավարական պաշտօնատար մը «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Եգիպտոս կիրակի գիշեր սկսած է կազի արաբական խողովակաշարին ճամբով օրական շուրջ 50 միլիոն խորանարդ մեթր կազ մղել Լիբանան, ինչպէս նաեւ անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան սկսած է 50 միլիոն խորանարդ մեթր կազ արտածել Սուրիա: Պաշտօնատարը ըսած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Գահիրէի կողմէ վարձուած Յորդանանի Աքապա...

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

Երեսփոխանական ընտրութիւններու վերահսկողութեան մարմինը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի առջեւ տուաւ իր երդումը: Նախագահ Աուն երդման արարողութեան աւարտին խօսքը մարմինի անդամներուն ուղղելով յայտնեց. «Ձեր իրաւասութիւնները կիրարկեցէք օրէնքին համաձայն, որեւէ կողմէ որեւէ ճնշումի դիմաց մի՛ ընկրկիք, եւ պատրաստ եղէ՛ք ընտրութիւնները իրենց ճշդուած ժամկէտին կատարելու, որովհետեւ աշխարհի աչքերը յառած պիտի ըլլան մեր վրայ` վստահ ըլլալու համար, թէ ընտրական...

Page 60 of 985 1 … 59 60 61 … 985

Արխիւներ