Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաժժիի Արտայայտած Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներ

January 15, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամալ շարժումի ղեկավար մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Հեգնական է, որ մեր կառավարութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարը կ՛արդարացնեն սիոնական թշնամիին կողմէ լիբանանեան հողերու մէկ բաժինի գրաւումը, երբ նահատակներուն ու վիրաւորներուն արիւնը տակաւին չէ չորցած»:

Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` իր քաղաքական դիրքորոշման ու աշխատանքային ծրագիրին մէջ փնտռելու, թէ ազգային գերիշխանութեամբ հետաքրքրուա՞ծ է կամ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւններուն կը հետեւի»:

«Դիմադրութիւնը այլընտրանքն է եւ իսկական պատասխանը Իսրայէլի յարձակողականութեան, ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Լիբանան վերածուած է աներդիք տունի, մինչ Դիմադրութեան զոհողութիւնները կը մեծնան, եւ սիոնական թշնամիին հետ քաղաքական մեղսակցութիւնը կը հասնի այն աստիճանին, ուր արտաքին գործոց նախարարը կ՛արդարացնէ Իսրայէլի յարձակումները, ինչ որ կը պահանջէ, որ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը միջամտեն այդ ընթացքը սրբագրելու համար: Հակառակ պարագային նշանները չեն խրախուսեր կառչիլ կառավարութեան ընտրանքներուն, եթէ անիկա անտեսէ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնները», նշեց Համտան:

«Այն պահուն, երբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ, ի յայտ կու գայ մէկը, որ լիբանանցիներուն միջեւ մեկուսացման պատեր կը բարձրացնէ», յայտնեց ան:

Ազգային անկախ հանդիպումի նախագահ Մոհամետ Շաքեր Քաուաս Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի «թշնամական յայտարարութիւնները» նկատեց «ազգային սկզբունքներուն եւ դիւանագիտական աշխատանքին ու անոր հիմնական նպատակին` հայրենիքի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու, անոր հողն ու ժողովուրդը պաշտպանելուն հակասող»:

Քաուաս Նաուաֆ Սալամի կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց արտաքին գործոց նախարարի զարտուղի վարմունքին համար:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի խօսքը միայն շփոթ ու մտավախութիւն չի ստեղծեր, այլ անամօթութեան սահմանը կ՛անցնի եւ աւելի հեռու երթալով կ՛արդարացնէ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յարձակումը: Այս դիրքորոշումը իշխանութեան ու գերիշխանութեան սահմաններու խախտում է եւ կը վիրաւորէ ազգային արժանապատուութիւնը»:

«Բոլոր ազգային արժեչափերով մերժելի եւ դատապարտելի այս խօսքը պէտք չէ նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին անտեսուի, այլ պէտք է բացատրութիւն պահանջուի, եւ եթէ լիարժէք գերիշխանութեան ու արժանապատուութեան տէր պետութեան մէջ ըլլայինք, պէտք էր զինք պաշտօնազրկել` առանց հաշուի առնելու որեւէ հետեւանք: Ըսուածը կարելի չէ որեւէ ձեւով արդարացնել, որովհետեւ խօսքի ազատութենէն անդին երթալով հասաւ քաղաքական ընտրանքի մը, որ իսրայէլացի թշնամիին եւ անոր շահերուն կը ծառայէ: Ասիկա սահմանադրական կամ քաղաքական տարակարծութեան վրայ հիմնուած բացատրութեան չի կարօտիր: Մինչեւ ե՞րբ գլուխը հողին մէջ պահելու քաղաքականութիւն պիտի կիրարկուի: Ժամանակն է հարցերը ներկայացնելու ինչպէս որ են»:

Նշենք, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր. «Այնքան ատեն որ զէնքը վերջնականապէս չէ մենաշնորհուած, Իսրայէլը, դժբախտաբար, իրաւունք ունի Լիբանանի վրայ իր յարձակումները շարունակելու»:

 

Նախորդը

Ըստ «Ժազիրա»-ի. Լիբանանեան Բանակը Աուալի Եւ Լիթանի Գետերուն Միջեւ Կացութեան Գումակային Տեսանկիւնէն Գնահատումը Կը Կատարէ

Յաջորդը

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.