Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 15, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան եւ Միացեալ Նահանգները երէկ առաւօտեան համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ յառաջիկայ ամսուան կիսուն Տոհայի մէջ գումարուի Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութեան ժողով մը:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Հնգեակին այս աշխուժութեամբ վերադարձը կ՛արտացոլացնէ արաբական եւ միջազգային համոզումը, թէ Լիթանի գետի հարաւին մէջ ձեռք բերուածը կը դիտուի իբրեւ շրջադարձային կէտ, որուն վրայ կարելի է կառուցել աստիճանական ուղի մը, որ կը վերականգնէ պետութեան հեղինակութիւնը»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Հնգեակի ժողովի մակարդակը ոչ միայն դեսպաններու, այլեւ պաշտօնական պատուիրակներու մակարդակի բարձրացնելը կ՛ապացուցէ, որ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի պատրաստութիւնը իր աւարտին հասած է, մասնաւորաբար բանակի զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլը աւարտելու ձեռքբերումէն եւ Լիթանի գետէն հիւսիս երկրորդ փուլին պատրաստութենէն ետք»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլեան մագլցումը կարճաժամկէտ քաղաքական պատգամ է` զէնքի մենաշնորհման հարցը կրկին օրակարգ բերելու համար, եւ ոչ թէ` լայնածաւալ պատերազմի պատրաստութիւն»:

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ դիւանագէտ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Դէպքերը կ՛արագանան, եւ լիբանանեան որոշումները անոնց հետ քայլ պահելու համար դժուարութիւն ունին: Լիբանանցի պաշտօնատարներուն կոչ կ՛ուղղեմ` նախաձեռնող ըլլալու»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովը կը նախատեսուէր պատրաստել Պէյրութի մէջ եւ զայն գումարել Ռիատի մէջ, իսկ Ֆրանսա կը յուսար զայն Փարիզի մէջ գումարել, սակայն Սէուտական Արաբիան զայն Ռիատի մէջ հիւրընկալման վրայ պնդեց»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան մէջ կուսակցական գործունէութեան մասին խօսքով բացառապէս ակնարկեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն եւ նուազ չափով ալ արդարադատութեան փաղանգաւոր նախարար Ատել Նասսարին»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեքնիք եւ ոչ թէ քաղաքական յետաձգումին ակնարկելով ըսել ուզեց, թէ անոր տեւողութիւնը սահմանափակ է եւ կապուած թեքնիք ու գումակային պայմաններու, որոնք կը վերաբերին ընտրութիւնները առաւելագոյնը մէկ կամ երկու ամիս յետաձգելու կարելիութեան»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ամերիկեան աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հետաքրքրութեամբ հետեւեցանք Պաապտայէն հնչածին, թէ Ուաշինկթըն այլեւս խօսքերով չէ հետաքրքրուած, այլ գործերով, ուստի կը սպասէ, որ յայտարարութիւններն ու որոշումները վերածուին գործնական քայլերու»:

 

Նախորդը

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն Նոր Պատգամ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներ Խմբաւորումը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Կ՛որակէ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

February 14, 2026
Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»

February 14, 2026
Հաժժար. «Շնորհակալութիւն Բոլորին,  Որոնք Նպաստեցին Ընտրական  Հոլովոյթի Յաջողութեան»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Իրենց Ժամկէտին` Անոնց Շուրջ Բարձրացող Աղմուկէն Անկախ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.