Լիբանանեան

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած  Օտարերկրեայ Դեսպանները`  Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ  Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ան դեսպաններուն առջեւ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Մէկ տարի եւ տասը օր առաջ ես ստանձնեցի կառավարումը երկրի մը, որ խորապէս վիրաւորուած էր: Հակառակ անոր որ նախապէս կ՛ընդգծեմ, որ ես պատասխանատուութիւնը չեմ դներ անորոշ հասկացողութիւններու վրայ, ինչպիսիք են ծանր ժառանգութիւնը կամ...

Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը  Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»

Պըրրի. «Սէուտցիները Կը Շեշտեն, Որ Որոշումը Պետութեանը Ըլլայ, Եւ Պըն Ֆարհանի Հետ Հանդիպումս Հոյակապ Էր»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սէուտցիները կը շեշտեն, որ որոշումը լիբանանեան պետութեանը ըլլայ, այսինքն` հիմնուած ըլլայ երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի գործադրութեան վրայ, եւ մենք անոնց գործադրութեան հետ ենք: Այս է մեր դիրքորոշումը»: Ան լիբանանեան հարցով սէուտցի յատուկ պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ իր հանդիպումին մասին խօսելով նշեց. «Հոյակապ ու դրական էր»: Պատասխանելով այն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը երէկ կանուխ առաւօտուն հարաւային Լիբանանի Քֆարքիլա գիւղ ներթափանցելով երկու տուներ պայթեցուց: . ՄԵԾ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները անխուսափելիօրէն պիտի կայանան, եւ խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելու որեւէ ուղղուածութիւն գոյութիւն չունի, սակայն գոյութիւն ունի կարելիութիւնը թեքնիք եւ ոչ թէ քաղաքական առաւելագոյնը երկու ամիսով յետաձգման: Ուստի ընտրութիւնները մայիսին տեղի ունենալու տեղ կրնան յունիսին տեղի ունենալ: Այս...

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Քննարկուեցաւ լիբանանեան բեմի կացութիւնը: Տար Ֆաթուայի գրասենեակը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած է լիբանանեան բանակին նկատմամբ աջակցութիւնը` շեշտը դնելով զէնքի մենաշնորհման եւ բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման վրայ, որ կ՛ամրապնդէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութիւնը: Անոնք ընդգծած են նաեւ, որ բանակը հայրենիքի սահմաններու...

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան յարձակումներ գործեց թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի մէջ Պարղազ հովիտի շրջանն ու Անսար գիւղի մերձակայքը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատկանող թիրախներու վրայ յարձակում գործած է: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ թիրախաւորած է հրթիռարձակման եւ զէնքի պահեստաւորման դիրքեր: Ըստ իսրայէլեան բանակին, թիրախներու շարքին էին նաեւ Հըզպալլայի անդամներու մարզման կեդրոններ:    

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի 47-րդ նիստի աւարտին նիստին մասնակից երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներուն Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին առջեւ պաշտօնական լուսանկար առնուեցաւ: Լիբանան այս նիստին մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմէր Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան, Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ալի Հալապին, Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի...

«Կրասիա Քազզիի Պաշտօնի Բարձրացումը,  Հակառակ Անմեղութեան Կանխավարկածի, Անպատշաճ Է»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

«Կրասիա Քազզիի Պաշտօնի Բարձրացումը, Հակառակ Անմեղութեան Կանխավարկածի, Անպատշաճ Է» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ: Ան ըսաւ, որ այցելութեան նպատակը Նոր տարին շնորհաւորելը, պատրիարքին օրհնութիւնը ստանալը եւ երկրի անմիջական կացութիւններու քննարկումն էր: «Հակառակ դժուար պայմաններուն, արդարադատութեան աշխատանքը ընթացք առաւ», նշեց ան: «Նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի դատաւոր Թարեք Պիթարի ջանքերով», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով. «Ամէն կարելի աջակցութիւն կը տրամադրենք այս առնչութեամբ...

Սէյիտ Ֆատլալլա. «Թշնամիին Լիբանանէն  Ուզածը Զինաթափումէն Աւելին Է»

Սէյիտ Ֆատլալլա. «Թշնամիին Լիբանանէն Ուզածը Զինաթափումէն Աւելին Է»

Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա զգուշացուց «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ սիոնական ախորժակներէն` սկսելով բռնագրաւեալ Պաղեստինի հետ սահմանին վրայ արգելակիչ ու ապահովական գօտի ստեղծելու ձգտումէն, հասնելով մինչեւ ճնշումի եւ շարունակուող յարձակումի ճամբով Լիբանանին յարաբերութիւններու բնականոնացում պարտադրելու փորձերը»: «Թշնամիին Լիբանանէն ուզածը զինաթափումէն աւելին է», շեշտեց սէյիտ Ֆատլալլա: Ան ցաւ յայտնեց «ներքին ձայներուն համար, որոնք թշնամիին յարձակումը կ՛արդարացնեն անձնական եւ եսասիրական շահեր իրագործելու համար, ինչ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.» եւ «Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեցին. «Բանակի հրամանատարի Ուաշինկթըն այցելութեան թուական ճշդուեցաւ 3-էն 5 փետրուարը»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներուն շուրջ տակաւին անորոշութիւն կը տիրէ, մանաւանդ որ ժողովի երեքշաբթի կամ հինգշաբթի օրուան թուականը հաստատ չէ: Ժողով գումարելու պարագային յանձնախումբը միայն իր զինուորական  բաժինով ժողով պիտի գումարէ, առանց քաղաքայիններու ներկայութեան»: . «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «անցնող շաբաթներուն ընթացքին ֆրանսացի, քաթարցի,...

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան  Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը  Կառավարութիւնը Կը Կրէ»

Քասեմ. «Ռաժժին Քաղաքացիական Խաղաղութեան Հետ Կը Խաղայ. Պատասխանատուութիւնը Կառավարութիւնը Կը Կրէ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Ապահովական անկայունութեան պայմաններուն մէջ որքա՛ն ալ ձեռքբերումներ արձանագրուին, քաղաքական կայունութիւն չ՛իրագործուիր: Մենք մեծ պատասխանատուութեամբ մասնակցեցանք պետութեան կառուցման ամէն քայլի»: «Համաձայնութեան մէջ փուլեր չկան. կա՛մ կը գործադրուի, կա՛մ ալ չի գործադրուիր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «1701-ը բացառապէս լիբանանեան հարց է, նոյնպէս զէնքի մենաշնորհումն ու ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը եւս լիբանանեան հարցեր...

Իսրայէլեան Բանակ. «Մեր Ուժերը Աւարտեցին  Հարաւային Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Ամրապնդումը  Կանխարգիլելու Երկամսեայ Առաքելութիւնը»

Իսրայէլեան Բանակ. «Մեր Ուժերը Աւարտեցին Հարաւային Լիբանանի Մէջ Հըզպալլայի Ամրապնդումը Կանխարգիլելու Երկամսեայ Առաքելութիւնը»

Իսրայէլեան բանակին մէջ արաբերէն լրատուական բաժինի ղեկավարը, որ ծանօթ է «փաքիթեն Իլա» անունով, յայտարարեց. «Բազմաչափ համատեղ աշխատանքային ուժերը երկամսեայ գործունէութենէ ետք աւարտեցին հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց առաքելութիւնը»: «91-րդ խումբին հրամանատարութեան տակ գործող միաւորի ուժերը վերջին երկու ամսուան ընթացքին աշխատեցան Հըզպալլայի` հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ ամրապնդումը արգիլելու առաքելութեան վրայ», նշեց ան: «Միաւորը իր գործունէութեան ընթացքին աշխատանք տարաւ հետախուզական տեղեկութիւններու հաւաքման, թշնամական...

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

Սալամ. «Արդարադատութիւնը Թող Ամենայն Անկախութեամբ Իր Ուղին Աւարտէ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Մաքսատան մէջ վերջին նշանակումներուն ընդդիմացող ձայներուն լաւ մտիկ ըրի, եւ այստեղ ամբողջական հասկացողութիւնս կը յայտնեմ, մասնաւորաբար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակներուն եւ զոհերուն ծնողներուն մօտ գոյութիւն ունեցող մտահոգութեան զգացումներուն, եւ անոնց կը վստահեցնեմ, որ այս հարցին մէջ ամբողջական ճշմարտութեան նկատմամբ յանձնառութիւնս անդառնալի է, եւ անոր մէջ ոչ ոք պաշտպանուած է ի հեճուկս օրէնքին»: «Անմեղութեան կանխավարկածը արդարադատութեան հիմնարար...

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Նախնական  Համաձայնութիւն Մը Գոյացած Է Համախոհական  Նախագահի Մը Ընտրութիւնը Դիւրացնելու Շուրջ`  Ազգային Պահանջներու Փոխարէն»

Պասիլ Հանդիպում Ունեցաւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը ունեցան երկար եւ յատուկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային ներկայ վերջին զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր կացութեան ու կայունութեան վրայ անոնց ազդեցութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանեան կացութեան եւ ընդգծուեցաւ «Լիբանանի կայունութեան ու ազգային միասնականութեան պահպանութեան, անկախութեան եւ ամբողջական գերիշխանութեան ընդգծումով պետութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիբանան կը դիմագրաւէ չափազանց վտանգաւոր փուլ մը, ուր միջնորդութեան առիթները նահանջ կ՛արձանագրեն զինուորական աստիճանական մագլցումին դիմաց, որ կ՛ընդլայնէ թիրախաւորման ենթակայ տարածքը եւ գետնի վրայ նոր կատարուած իրողութիւններ կը պարտադրէ»: . «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններ. «Անցնող օրերուն Իսրայէլի յարձակումներուն ընդլայնումն ու բնակելի շէնքեր ռմբակոծելը Հըզպալլայի ուղղուած պատգամ է, թէ Իրանի վրայ յարձակումի պարագային հարաւի ճակատը բանալը բուռն...

Նախագահ Աուն Դեսպան Քարամի Հետ Քննարկեց  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովի  Պատրաստութիւնները

Նախագահ Աուն Դեսպան Քարամի Հետ Քննարկեց «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովի Պատրաստութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ղեկավար, բանագնաց, նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: Նախագահ Աուն Քարամի հետ քննարկեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի գումարման պատրաստութիւնները եւ այդ ժողովի ընթացքին արծարծուելիք նիւթերը:  

Սալամի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Ապտելաթի Բարձր Գնահատեց Զէնքի  Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Աւարտը

Սալամի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Ապտելաթի Բարձր Գնահատեց Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Աւարտը

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամիմ Խալաֆ նշեց. «Ապտելաթի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատեց Լիբանանին աջակցելու, անոր հողերու գերիշխանութեան, ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան, լիբանանեան պետութեան կողմէ իր բոլոր հողերուն վրայ վերահսկողութեան հաստատման աջակցութիւնը»: Ապտելաթի զօրակցութիւն յայտնած է լիբանանեան ազգային հաստատութիւններուն կողմէ Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման մէջ ամբողջական...

Շէյխ Խաթիպ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Թշնամիի  Ուժերը Հեռանան Լիբանանեան Հողերէն,  Եւ Տեղահանուածները Իրենց Հողերը Վերադառնան»

Շէյխ Խաթիպ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Թշնամիի Ուժերը Հեռանան Լիբանանեան Հողերէն, Եւ Տեղահանուածները Իրենց Հողերը Վերադառնան»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց. «Այս շաբաթ արաբ եւ օտար պատուիրակներու աշխուժ այցելութիւններ տեսանք եւ լսեցինք խօսքեր ու փափաքներ, որոնք կը կեդրոնանան զէնքի մենաշնորհման եւ ելեւմտական բարեկարգումներու իրագործման վրայ, սակայն առանց որ անոնց մեծամասնութիւնը մատնանշեն մեր երկրին ու ժողովուրդին վրայ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը, սպանութիւնն ու քանդումը, ո՛չ ալ սիոնական...

Ժահժահ Հեռաձայնեց Նախագահ Աունին

Ժահժահ Հեռաձայնեց Նախագահ Աունին

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ժահժահ հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ զինք շնորհաւորած նախագահի պաշտօնի ստանձնման միամեակին առիթով` նշելով, որ այս տարին իսկական մեկնարկը եղաւ պետութեան վերատիրացման հոլովոյթին եւ զայն ճիշդ ուղիի վրայ դնելուն` հասնելու համար իրողական ու կարող պետութեան: Ժահժահ բարձր գնահատած է նախագահ Աունի իր ընտրութեան միամեակին առիթով...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՍԷՈՒՏՑԻ պատուիրակ Սէուտ Պըն Ֆարհան իշխանին Պէյրութի մէջ հանդիպումներուն հետեւած քաղաքական աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանդիպումներուն ընդհանուր գնահատումը շատ դրական էր: Սէուտական գիծը միշտ ալ յստակ եւ հաստատ եղած է»: . «ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, սիւննի համայնքին մէջ յառաջադէմ դիրքեր ունեցող շրջանակներ կը յայտնեն, որ կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ընտրութիւններէն ետք վերադառնայ վարչապետի պաշտօնին: Անոնք նաեւ կը...

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ լայն քննարկում ունեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութեանց շուրջ: Խորհրդարանի նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն նկատմամբ` դիտել տալով, որ միայն լիբանանցիներու միաւորումն է, որ կրնայ պահել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու թշնամիին դէմ ծառանալու կամքն ու ոգին: Անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ անհեռանկար զարգացումներուն,...

Page 59 of 985 1 … 58 59 60 … 985

Արխիւներ