Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու ժողովներու ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Քուէյթի երիտասարդութեան հարցերու պետական նախարար Ապտելռահման Մթէյրիի եւ Քաթարի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ:
Երէկ առաւօտեան Պայրագտարեանի հրաւէրով Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ յատուկ նիստ մը, որ յատկացուած էր ՄԱԿ-ի, Արաբական լիկայի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի կողմէ որոշուած երիտասարդութեան, խաղաղութեան ու անվտանգութեան ռազմավարութեան եւ զայն մասնաւորաբար մերձաւոր երկիրներու միջեւ կեանքի կոչելու կարելիութիւններու քննարկման:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը, Արաբական լիկայի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան վարչութեան տնօրէնը, ՄԱԿ-ի բնակչութեան ֆոնտի շրջանային տնօրէնը, որուն կ՛ընկերակցէր ֆոնտի պատասխանատու եւ միջազգային մասնագէտ Լայլա Պաքըրը, եւ երիտասարդութեան յանձնախումբի անդամ Հասան Շարարան:
Ֆոնտին եւ մասնակից երեք պետութիւններու միջեւ քայլերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ:


