Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներ Խմբաւորումը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Կ՛որակէ

January 15, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորումը ահաբեկչական խմբաւորում որակեց` ընդառաջելով իր արաբ դաշնակիցներու եւ պահպանողական ամերիկացիներու պահանջներուն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս որակումը կ՛արտացոլացնէ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորման մասնաճիւղերուն կատարած բռնարարքներուն եւ անկայունութեան դիմակայման համար շարունակուող ջանքերուն առաջին քայլերը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւնները յայտնեցին, որ Լիբանանի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու մասնաճիւղերը Միացեալ Նահանգներուն եւ ամերիկեան շահերուն վտանգ կը ներկայացնեն:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց որոշումը:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ կը դատապարտէ ծայրայեղականութիւնն ու ահաբեկչութիւնը եւ կ՛աջակցի ամէն բանի, որ արաբական պետութիւններուն համար կայունութիւն ու բարգաւաճում, իսկ շրջանին ու աշխարհին համար անվտանգութիւն կ՛ապահովէ:

Յորդանանի կառավարութեան բանբեր Մոհամետ Մումնի իր կարգին նշեց. «Կառավարութիւնը ծանօթացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններ որակելու վերաբերեալ հաղորդագրութեան»:

Կառավարութեան բանբերը յիշեցուց, որ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութիւնը արդէն իսկ 2020 թուականէն լուծարուած է, իսկ ապրիլ 2025 թուականէն ի վեր անոր աշխատանքները արգիլուած են:

«Յորդանանը բոլոր թղթածրարներուն նկատմամբ կը վերաբերի պետութեան գերագոյն շահերուն ծիրին մէջ եւ սահմանադրութեան ու օրէնքի կէտերուն համապատասխան», նշեց յորդանանեան կառավարութեան բանբերը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ըստ «Ժազիրա»-ի. Լիբանանեան Բանակը Աուալի Եւ Լիթանի Գետերուն Միջեւ Կացութեան Գումակային Տեսանկիւնէն Գնահատումը Կը Կատարէ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.