Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շրջեցաւ սքանըրի մեքենաները աչքէ անցընելու համար:
«Աշխատանքի կշռոյթը արագ է, եւ հպարտ եմ, որ այդ մեքենաները հոս են», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշեց. «Պէտք է վերականգնուի բնական կացութիւնը, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պետութեան վերադառնալն է, որպէսզի անոր եկամուտները չթալանուին եւ չգողցուին»:
«Այն ճարտարագիտութիւնը, որ այսօր տեսայ, այն տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ կարծէք Ամերիկա կ՛ապրիմ», յայտնեց Իսա:
«Պատրաստ եմ օգնելու եւ ապահովելու բոլոր ճարտարագիտութիւնները, որոնց Պէյրութի նաւահանգիստը կրնայ կարիք ունենալ», նշեց դեսպանը:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նաեւ շեշտեց. «Լիբանանին աջակցութիւնը երբեք չդադրեցաւ: Նաւահանգիստ այցելութիւնս օգտագործուող ճարտարագիտութեան ծանօթանալու համար է»:


