Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Եւրոպական Միութիւնը լիբանանեան կառավարութեան հետ կնքեց նուիրատուութեան ձեւաչափով շուրջ 110,5 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ֆինանսաւորման վեց նոր համաձայնագիրներ` աջակցելու համար Լիբանանի անվտանգութեան ոլորտին, տագնապէն վնասուած շրջաններու առողջացման եւ հիմնական բարեկարգումի առաջնահերթութիւններուն: Բոլոր համաձայնութիւններն ալ կնքուեցան ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի հետ»:
«Այս նուիրատուութիւնները Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի մայիս 2024-ին Պէյրութ այցելութեան ընթացքին յայտարարած միլիառ եւրոյի աջակցութեան թղթածրարին մաս կը կազմեն:
«Այս նուիրատուութիւնները կ՛ընդգծեն Լիբանանի կայունութեան, գերիշխանութեան ու անվտանգութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ երկրի պատմութեան ներկայ զգայուն փուլի ընթացքին պետութեան հաստատութիւններու ամրապնդման նկատմամբ Եւրոպական Միութեան հաստատ յանձնառութիւնը: Համաձայնութիւնները նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ կ՛արտացոլացնեն նոր աշխուժութիւն մը, որ ի յայտ կու գայ Եւրոպական Միութեան ու Լիբանանի միջեւ գործընկերութեան խորհուրդի աշխատանքի վերականգնումով, բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու աճով եւ նոր գործակցութեան շարք մը նախաձեռնութիւններու կնքումով», նշեց ներկայացուցչութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնը կը հաստատէ, որ «կը շարունակէ լիբանանեան ապահովական մարմիններուն իր հաստատ աջակցութիւնը: Ներքին ապահովութեան ուժերու կազմակերպուած ոճիրներու եւ ելեկտրոնային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի կարողութիւններու ամրապնդման համար 30 միլիոն եւրօ պիտի յատկացուի, նաեւ աջակցելով ապահովական բոլոր մարմիններու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերուն, ներառեալ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման ու մաքսանենգման դիմակայման ջանքերուն»:
«Այս համաձայնութիւնները մաս կը կազմեն անցեալ ամիս ելեւմուտքի նախարարին յայտարարած 132 միլիոն եւրօ արժողութեամբ թղթածրարին, որ նաեւ կը ներառէ փոքր եւ միջին չափի հաստատութիւններուն աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի պաշտպանութեան ու Լիբանանի հարուստ բնութեան համակարգի պահպանման նախաձեռնութիւններ», ըսաւ Եւրոպական Միութիւնը:
«Այս ծրագիրները մշակուեցան սերտ խորհրդակցութեամբ լիբանանցի պաշտօնակիցներու հետ, ներառեալ ապահովական մարմիններն ու առնչակից նախարարութիւնները: Անոնց գործադրութիւնը պիտի ստանձնեն Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու գործակալութիւններ եւ ՄԱԿ-ի գործընկերներ` օգտուելով անոնց թեքնիք կարելիութիւններէն ու երկարատեւ փորձառութենէն», նշեց դեսպանատունը:
«Այս համաձայնութիւնները նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութեան մէջ նոր փուլ կը ներկայացնեն: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ մնալ հաւաստի եւ յանձնառու գործընկեր մը, որ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի կողքին կը կանգնի` աջակցելով կայունութեան, վերականգնման ու բարեկարգումին», եզրափակեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը:


