Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաժժիի Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներու Արտայայտումը Կը Շարունակուի

January 16, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի Իսրայէլի Լիբանանի դէմ յարձակումները արդարացնող յայտարարութիւնը կ՛ապացուցէ ազգային գերիշխանութիւնը հարուածելու եւ ներքին պառակտումը ամրապնդելու շարունակուող վարմունքի վտանգաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ «գերիշխանական» եզրին ետին պահուըտողներու դատարկ պնդումները:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նշեց, որ կառավարական ամբողջ համակարգն ու անոր մասնակցող բոլոր կողմերը կը կրեն գերիշխանութենէն հրաժարելու եւ Իսրայէլի անմեղութեան վկայագիր շնորհելու պատասխանատուութիւնը:

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժորժ Օքայս նշեց, որ նախարար Ռաժժիի դէմ շղթայազերծուած արշաւը զարմանալի չէ եւ անտեղի է:

Ան ըսաւ, որ Դիմադրութեան առանցքը իր զայրոյթը կը թափէ նախարար Ռաժժիի վրայ, որովհետեւ 27 նոյեմբեր 2024-ին կառավարութեան կողմէ ստորագրուած զինադադարի համաձայնութեան պաշտօնական մեկնաբանութեան տէրն է:

Ան դատապարտեց Ռաժժիի դէմ ուղղուած զայրոյթը եւ նշեց, որ նոյն վերաբերմունքին կ՛արժանանայ նաեւ հանրապետութեան նախագահը:

«Դիմադրութեան առանցը կը փորձէ ներքին պատերազմներ հրահրելու ճամբով ուշադրութիւնը շեղել այն պատերազմէն, որով Լիբանանին կը սպառնայ», նշեց Օքայս:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր. «Այնքան ատեն որ զէնքը վերջնականապէս չէ մենաշնորհուած, Իսրայէլը, դժբախտաբար, իրաւունք ունի Լիբանանի վրայ իր յարձակումները շարունակելու»:

Նախորդը

Իսա. «Լիբանանին Աջակցութիւնը Երբեք Չդադրեցաւ»

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ Պայրագտարեանին Յանձնուեցաւ Գնահատման Յուշանուէր Մը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.