. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Հաւանական է, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի շաբաթ օր Ռաս Նաքուրայի մէջ նախատեսուած ժողովը յետաձգուի այլ թուականի, որ տակաւին չէ ճշդուած»:
. ԱԿԱՆԱՒՈՐ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Գոյութիւն ունի արաբական դժգոհութիւն` բացակայութենէն լիբանանեան յստակ դիրքորոշումներու, որոնք կը ճշդեն իր շրջապատին մէջ տեղի ունեցողին վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշումը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Սէուտական Արաբիան դիտաւորեալ կերպով Քաթարը մասնակից կը դարձնէ լիբանանեան բեմի իրադարձութիւններուն` մեկնելով շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապին Լիբանան տեղափոխուելուն նկատմամբ սէուտական-քաթարական հասարակաց մտավախութիւններէն»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Բանակի աջակցութեան նիւթը ներքին միաձայնութիւն կը վայելէ, որովհետեւ երկարատեւ ճգնաժամերէն դուրս գալու փրկութեան լաստ կը նկատուի նոյնիսկ անոնց կողմէ, որոնց շահերուն չի համապատասխաներ անոր դերակատարութեան ամրապնդումն ու բոլոր հողերուն վրայ հարցերու տնօրինումը անոր յանձնելը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան ուժ մը ներթափանցեց Քֆարքիլայի կեդրոն եւ քաղաքապետարանին մօտ գտնուող տուն մը պայթեցուց»:


