Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի ժողովներու ծիրին մէջ մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու աշխատակիցներու 3-րդ ֆորումի փակման հանդիսութեան, որ Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան կողմէ կազմակերպուած էր Արաբական լիկայի հսկողութեամբ:
Այս առիթով նախարար Պայրագտարեանի յանձնուեցաւ գնահատման յուշանուէր մը: Նոյնպիսի յուշանուէրներ յանձնուեցան Թունուզի եւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներուն:


