
Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով:
Համախմբումը պահանջեց նաեւ, որ լիբանանցի պատասխանատուները օր մը գերազանցեն իրենց անձնական շահերը եւ մտածեն երկրին գերագոյն շահերուն մասին:
«Կոչ կ՛ուղղենք խղ ճի արթնութեան եւ սեղմ կառավարութեան մը կազմութեան, որպէսզի ան կարենայ երկիրը փրկել տարբեր տագնապներէ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան բացումը որբ իրադարձութիւն մը պիտի չմնայ, այլ` անոր պիտի հետեւին նաեւ սէուտական եւ եգիպտական դեսպանատուներուն բացումները:
Ան ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է հասնին պահանջուած մակարդակին` աւելցնելով, որ Լիբանան Սուրիոյ կարիք ունի եւ յորդորելով, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութենէն ետք լիբանանցի իւրաքանչիւր նախարար Սուրիա այցելէ` իր մարզին համապատասխան գործակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով:


