
Նախկին երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ երէկ մահացաւ Զուիցերիոյ մէջ:
Մաալուֆ ծնած է 1934-ին, Պէյրութ: 1953-ին աւարտած է Սպայից վարժարանը եւ զինուորական իր ծառայութեան ընթացքին ստացած է աստիճաններու բարձրացում` հասնելով մինչեւ հազարապետ-զօրավարի աստիճանին:
Զբաղեցուցած է շարք մը պաշտօններ, որոնց շարքին` 1984-ի զինուորական խորհուրդի անդամակցութիւնը, իսկ 1988-1990 տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է, երբ օրին բանակի հրամանատար զօր. Միշել Աուն ստանձնեց երկրին իշխանութիւնը եւ կազմեց փոխանցման կառավարութիւն մը: Այդ կառավարութեան մէջ Է. Մաալուֆ դարձաւ ելեւմուտքի, առողջապահութեան, ճարտարարուեստի, ուժանիւթի, հանրօգուտ շինութեանց, աշխատանքի եւ զբօսաշրջութեան նախարար:
1990-ի դէպքերէն ետք, զօր. Աունի եւ Իսամ Ապու Ժամրայի հետ մեկնեցաւ Փարիզ:
Ան 2005-ին զօր. Աունի հետ վերադարձաւ Լիբանան եւ նոյն տարուան ընթացքին մասնակցելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն դարձաւ Լեռնալիբանանի հիւսիսային Մեթնի գաւառի երեսփոխան:
2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ան վերընտրուեցաւ:


