Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ իրենք կը զգուշանան գետնի վրայ կատարուող բողոքի ցոյցերէն, որովհետեւ իւրաքանչիւր ցոյց կրնայ քաղաքականանալ, եւ ատիկա ընդունելի չէ:
Ասմար ընդգծեց, որ իրենք պէտք է բարձրանան որոշ մակարդակի եւ նկատի ունենան աշխատաւորին շահերը:
Ասմար հաստատեց, որ երկրին գործադիր իշխանութիւնը պէտք է շրջանցէ իր «վէրքերը» եւ Սուրիոյ հետ երկխօսութեան մը սկսի:
«Կ՛ապրինք շատ դժուար կացութիւն մը: Լիբանանի աշխատաւորները, յատկապէս սեփական մարզի աշխատաւորները իրաւազրկուած են: Պէտք է անպայման սրբագրել պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ արձանագրուած խախտումը», հաստատեց ան:
Ասմար ընդգծեց, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է մէկուկէս միլիոն լ. ոսկի ըլլայ:
Անդրադառնալով ելեկտրածին շարժակներու հայթայթած ելեկտրականութեան հոսանքի հաշուիչներու միացման աշխատանքին` Ասմար ընդգծեց, որ Համադաշնակցութիւնը յարմար կը գտնէ, որ այդ հաշուիչներուն հսկողութիւնը քաղաքապետարաններու իրաւասութիւնը դառնայ:
Ասմար խստիւ քննադատեց հաշիշի ցանքը օրինականացնելու միտումները` ընդգծելով, որ անիկա երկիրը կրնայ մխրճել անծայրածիր հարցերու մէջ:



