
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախորդ 48 ժամուան ընթացքին Լաքլուքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ, ըստ այդ խորհրդակցութիւններուն, նախարարի թեկնածու Ժաուատ Ատրայի անունը զանց կացուցուած է կառավարութեան կազմութեան տագնապի լուծման կարելիութիւններէն, ինչպէս նաեւ խօսուած է այն հաւանականութեան մասին, որ ընդդիմադիր սիւննի նախարարը անպայման հանրապետութեան նախագահին չափաբաժինէն պէտք չէ նկատուի:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, հաստատուեցաւ, որ վերոնշեալ հանդիպումն ու խորհրդակցութիւնները կը նշանակեն, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով ճիգերը տակաւին կը շարունակուին: Ըստ «Օ. Թի. Վի.»-ի, Ապպաս Իպրահիմ կառավարութեան կազմութեան մասին Ժըպրան Պասիլին ներկայացուցած է Հըզպալլայի կողմէ կատարուած առաջարկ մը:


