Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններուն մօտ գոյութիւն ունի կառավարութիւնը կազմելու փափաքը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց միացեալ հարցեր եւ երկրին տնտեսական քաղաքականութիւնը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ զգուշացուց, որ կառավարութիւն չունենալու այս իրավիճակը կրնայ երկարատեւ ըլլալ եւ վերածուիլ փողոցին մէջ ընդհարումներու:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի ընդգծեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը զիջած է եւ հիմնած ներկայ իշխանութեան կառոյցին հաշտութեան միջնաբերդը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուի եւ լիբանանցիներուն ծառայութիւններ մատուցելու անիւը թաւալի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ զգուշացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը թիրախ դարձնելէ` աւելցնելով, որ անոնք կրնան քաղաքականութեան մէջ կորսնցնել այն ինչ որ պատերազմին ընթացքին չկորսնցուցին:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ այս օրերուն քրիստոնէութիւնը հարուածող ամէնէն վատ իրականութիւնը այն է, թէ քրիստոնեաները կը չքանան, իսկ Վատիկան ականատես կ՛ըլլայ այդ հոլովոյթին` արձանագրելով հսկայական բացթողումներ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ յայտարարուած քաղաքացիական պետութիւն հիմնելու պահանջին: Ան նշեց, որ եթէ կարելի չըլլայ քաղաքացիական պետութիւն մը կերտել, ապա պէտք է սկսիլ համայնքային խտրութիւնը ջնջելու` իբրեւ առաջին քայլ:

ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը տակաւին յոյս ունին, որ կառավարութիւն մը կարելի է կազմել: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իրենց նախագահական թեկնածուն չէ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս հաստատեց, որ տնտեսական մակարդակի վրայ Լիբանան բոլոր կարմիր գիծերը անցած է: Ան շեշտեց, որ յաջորդ կառավարութեան որդեգրելիք սեղմումները ողջունելի պիտի ըլլան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Ս. Ծննդեան տօնին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յայտարարութիւնը ճիչ մըն է, որ ուղղուած է քաղաքական տարբեր ուժերու:

 

 

Նախորդը

Աթէնքի Կեդրոնի Մէջ Պայթում` Եկեղեցւոյ Մօտ

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Քանդեցին Գետնափոր Բոլոր Փապուղիները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.