ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ վարչապետ Հարիրի երբեք չի մտածեր 32 նախարար հաշուող կառավարութեան մը կազմութեան մասին:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, ինչպէս նաեւ շարունակեց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով: Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդունեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները: Օսման իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան նախագահական նախաձեռնութիւնը գործադրելու իմաստով բացթողումներ արձանագրուած են: Ան աւելցուց, որ Մար Մըխայէլի համաձայնագիրը ուղղակիօրէն կապուած է ռազմավարական սկզբունքներու:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ փրկէ երկրին տնտեսական կացութիւնը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի խիզախութեամբ կը գոյատեւէ, իսկ ներկայ իշխանութիւնները քայքայուելու սեմին կը գտնուին:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ, այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի այցելէ ուժանիւթի նախարարութեան կից գտնուող երթեւեկի հսկողութեան յատուկ կեդրոնը, ուր պիտի հետեւի Նոր տարուան առիթով կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն առիթով Լիբանանի ճամբաներուն վրայ որդեգրուած միջոցառումներուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ յարաբերութիւնները լաւ են:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ երկրին հարցերը կարելի չէ լուծել` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն արտաքին համաձայնութիւններու:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ իբրեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, իրենք ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնեն կազմելու համար կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել երկրին տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատունը պիտի վերաբանան, սակայն հակառակ անոր որ Դամասկոսի մէջ լիբանանեան դեսպանատունը կը գործէ, Լիբանանի կառավարութիւնը Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկէ:
ՍԻՒՆՆԻ խորհրդակցական հանդիպումի անդամ Քասեմ Հաշեմ մաղթեց, որ կառավարութեան դիմաց ծառացած բոլոր հարցերն ու խոչընդոտները կարելի ըլլայ շրջանցել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն հաստատեց, որ երկրին ներկայ իշխանութիւնները թիրախ դարձնող կողմեր գոյութիւն ունին: Ան աւելցուց, որ Լիբանանը իր տնտեսական տագնապէն փրկելու համար սեղմումի քաղաքականութեան կարիք կայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ հաստատեց, որ Տնտեսական արաբական վեհաժողովին Սուրիոյ հրաւէրի յղումը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամմար Հուրի կոչ ուղղեց երկրին շահերը կուսակցական շահերէն աւելի բարձր դասելու: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան «Սետր»-ի խորհրդաժողովին օժանդակութիւնները կորսնցնելու վտանգին ենթակայ է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ շեշտեց, թէ կայ հաստատ մէկ իրականութիւն, որուն համաձայն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ արաբական աշխարհի ղեկավարն է: «Իսկ ո՛վ որ կը կարծէ, թէ իսրայէլացին կրնայ Դիմադրութեան դէմ ճակատիլ, ապա ան չարաչար կը սխալի», շեշտեց Ուահապ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը հրաշքներ չի գործեր, սակայն երկրին կայունութիւնը կ՛ամրապնդէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մէկ պատուիրակութիւնը Շուֆի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը Տամուրի մէջ այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն եւ շնորհաւորեց զանոնք Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով` ընդգծելով Լեռնալիբանանի միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
ՃԱՇԱՐԱՆՆԵՐՈՒ եւ սրճարաններու սեփականատէրերու նախագահ Թոնի Ռամի յայտնեց, որ Նոր տարուան խրախճանքներուն համար ճշդուած սակերը յարմար են բոլոր պիւտճէներուն` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան մարզը միշտ պատրաստ է ուրախութիւն ցանելու:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յոյս յայտնեցին, որ Նոր տարիէն ետք կառավարութեան կազմութեան իմաստով դրական զարգացումներ արձանագրուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ բարձրաստիճան պատասխանատու մը, որ մերժած է իր ինքնութիւնը բացայայտել, մտավախութիւն կը յայտնէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կրնայ երկար ժամանակի համար արգելակումի ենթարկուիլ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազըմ եւ Մուսթաքպալ հոսանքները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հանրային կարծիքը երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի դէմ լարելու նպատակով: Նոյն օրաթերթը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլին կը վերագրէ հետեւեալ կեցուածքը. «Այլեւս չենք հասկնար, թէ Ժըպրան Պասիլ ի՛նչ կ՛ուզէ»:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր չափաբաժինին մէջ մարոնի նախարար մը ունենալու նախապայմանը չէ դրած, իսկ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կառավարութեան կազմութեան նպատակով առաջադրուած վերջին նախաձեռնութիւնը քանդած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Հարիրի կը շարունակէ ամէն ջանք ի գործ դնել` կազմելու համար կառավարութիւնը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան վերջին համաձայնութիւնը խախտողը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը կամ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը չեն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրները յայտնած են, թէ վարչապետի հրաժարականին մասին հնչած բեմագրութիւնները ոմանց փափաքներն ու յոյսերն են, որոնք պիտի չյաջողին, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուներ կ՛ընդգծեն, որ վարչապետ Հարիրի սիւննի համայնքին պատկանող նախարարի պաշտօնը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն պիտի չզիջի: Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ շեշտեցին, որ իրենք կառչած կը մնան այն սկզբունքին, որ իրենց 11-րդ նախարարը մաս կազմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի չափաբաժինին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան իմաստով նախագահ Աունի նախաձեռնութիւնը` Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի նախարարը իր չափաբաժինէն ներկայացնելու առումով, տակաւին ի զօրու է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի յայտարարուի Արաբական վեհաժողովէն առաջ, այսինքն` 20 յունուարէն առաջ, անակնկալ կերպով:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նոր նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է` կառավարութեան կազմութեան տագնապի լուծման նպատակով: Նոյն աղբիւրը հաղորդեց, որ այդ նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները կը մնան գաղտնի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ միջնորդութիւն կը կատարէ: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Ժաուատ Ատրայի անունը դարձեալ պիտի չառաջադրուի Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին իբրեւ ներկայացուցիչ: