Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը քանդած են գետնափոր բոլոր փապուղիները` զանոնք նկատելով յարձակողական նպատակներով կառուցուած ահաբեկչական փապուղիներ, որոնք Քֆարքիլայի սահմանագիծը խախտած են եւ հասած հիւսիսային Իսրայէլ:
Ատրաայի ընդգծեց, որ յարձակողական նպատակով Հըզպալլայի կառուցած գետնափոր փապուղիներուն նպատակն էր դէպի Իսրայէլ «Ռատուան»-ի ուժերուն համար գաղտնի անցքեր ապահովել:



